Մարտ 14-Ի Քաղաքական Ուժերը Բանակէն Պահանջեցին Լիբանանեան Հանրային Կարծիքը Տեղեակ Պահել Սուրիական Ոտնձգութիւններուն Մասին

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց երկրին ընդհանուր իրավիճակն ու ապահովական իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ լիբանանեան բանակէն պահանջեց լիբանանեան հանրային կարծիքը տեղեակ պահել Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ կատարուած բոլոր ոտնձգութիւններուն մասին, որոնց շարքին նաեւ սուրիական ոտնձգութիւնները:

Հաղորդագրութիւնը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը, Հըզպալլան եւ անոնց դաշնակիցները պատասխանատու նկատեց Սուրիոյ գործած ոտնձգութեան նկատմամբ լուռ մնալու իրականութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES