Պետական Քննութիւնները Պիտի Չսրբագրուին Մինչեւ Աշխատավարձերու Վաւերացումը
Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը երէկ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կազմակերպեց նստացոյց մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ուսուցիչները պետական քննութիւնները պիտի չսրբագրեն, մինչեւ որ ամսական աշխատավարձերու յաւելումները վաւերացուին:
Ցոյցին ընթացքին լիբանանեան վարժարաններու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ իրենք պետական մարզին մէջ ըմբոստութիւն մը պիտի կատարեն` շեշտելով, որ իրենք գործադուլը աւելի եւս պիտի ընդարձակեն:
Ղարիպ դրուատեց սենտիքայական այս շարժումը` աւելցնելով, որ 1943-էն ի վեր Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ երկրին վարչական համակարգը հարուած կը ստանայ:
Նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը կ՛անտեսէ իրենց պահանջները, ապա իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն ստանալու համար իրենց իրաւունքները:

