Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Հսկելու Պաշտօնեաներուն Ատակութեան Եւ Թիւերու Հաւասարակշռութեան
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը նախանցեալ օր Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Նիստէն ետք Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ խորհուրդը քննարկած է Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու առումով օրէնսդրական նիստին ընթացքը, ինչպէս նաեւ որոշումներ տալու ոճը, որուն պատճառով խորհրդարանին մէջ երկփեղկում արձանագրուած է եւ ստեղծուած այդ իրավիճակը իր ազդեցութիւնը ունեցած է կառավարութեան վրայ:
Մարոնի եպիսկոպոսները շեշտեցին, որ այս կացութիւնը մերժելի է, եւ կոչ ուղղեցին հաստատութիւններուն հսկելու պաշտօնեաներու ատակութեան եւ թիւերու հաւասարակշռութեան, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին կանոններուն կառչած մնալու եւ Ազգային միասնականութեան ուխտը չխզելու անհրաժեշտութիւնը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը դրուատեց նաեւ Ազգային երկխօսութեան նիստին կայացումը` շեշտելով լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը վերականգնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ խստիւ դատապարտեց առեւանգումի, ճամբաները փակելու եւ զինեալ բախումները այս կամ այն շրջանին մէջ տարածելու արարքներն ու երեւոյթները:

