Պըրրի. «Մենք Յանձնառու Ենք Զօր. Աունի Հետ Մեր Բարեկամութեան»
Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնցմէ բացակայեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխանները:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահին հետ իր բարեկամութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ զօր. Աունի իմաստուն քաղաքական կեցուածքներուն նկատմամբ իր վստահութիւնը:
«Կ՛երազէ ան, ով կը կարծէ, թէ խորհրդարանը անգամ մը եւս պիտի քուէարկէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու օրէնքին գծով: Խորհրդարանին մէջ վաւերացուած այդ օրէնքին գծով կան սահմանադրական որոշ քայլեր, որոնց կարելի է դիմել` հարցը լուծելու համար», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահին մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ ներկայիս գնդակը կը գտնուի ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի դաշտին մէջ: Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ անկարելի է Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու իմաստով դարձեալ քուէարկութիւն կատարել:


