«Պէտք Է Աշխատինք Լիբանանը Վերածելու Շրջանի Դպրոցին Ու Կրօններու Եւ Քաղաքակրթութիւններու Երկխօսութեան Կեդրոնին» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Խմբագիրներու նորընտիր սենտիքային հետ` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի:
Նախագահ Սլէյման նշեց, որ լիբանանեան վարչակարգը հանրային կեանքը բարելաւելու լաւ վարչակարգերէն է, պայմանաւ որ սակայն ան երկրին պետութիւնը քանդելու սիրոյն չգործէ, այլ պետութիւնը բարելաւելու եւ բարեկարգելու նպատակով աշխատի` քաղաքացիներուն հանգիստ պարգեւելու:
Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ այս հանգրուանը Լիբանանի համար ըլլայ օգտակար հանգրուան մը, որուն ընթացքին կարելի ըլլայ երկիրը բարգաւաճեցնել, սակայն ան միեւնոյն ժամանակ ցաւ յայտնեց, որ ոմանք այդ առիթը կը կորսնցնեն փոքր վէճերով, որոնք կը վնասեն երկրին:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն անցեալի սխալներէն դասեր քաղելու եւ Լիբանանը վերածելու շրջանի դպրոցին, համալսարանին եւ բուժարանին, ինչպէս նաեւ կրօններու, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան կեդրոնին:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ տեղեկատուութեան մարզը իրականութիւններ կը փոխանցէ եւ մեծ պատասխանատուութիւն ունի երկրին կացութիւնը ներկայացնելու առումով:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին սենտիքայի ընկերային հարցերու յանձնախումբի նախագահ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ սենտիքայի անդամ Պարոյր Աղպաշեան:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ նաեւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա:


