Պասիլի Հետ Հանդիպում Ունենալէ Ետք Միքաթի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Պերլին

Նախարար Պասիլ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Պերլին, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ:

Վարչապետ Միքաթիի ընկերակցեցան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս եւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ ծագած նոր տագնապին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Պասիլ ըսաւ, որ կառավարութիւնը կա՛մ կ՛իշխէ, կա՛մ ալ գոյութիւն չ՛ունենար:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ կազմակերպական առումով օրինագիծերու մշակումը կառավարութեան աշխատանքն է: «Երբեք լսա՞ծ էք, թէ երեսփոխանները երկրին պետական պիւտճէի նախագիծը կը մշակեն: Կան օրէնքներ, որոնք կարիքը ունին տարբեր վարչութեանց ու նախարարութիւններու աշխատանքին եւ ոչ թէ երեսփոխաններուն: Այս մէկը հիմնական հարց է, եւ պէտք է ըստ այնմ որոշուի կառավարութեան աշխատանքի հոլովոյթը», ընդգծեց Ժըպրան Պասիլ:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով սէուտական իշխանութիւններուն կողմէ սէուտցիներուն ուղղուած զգուշացումները` Լիբանան ճամբորդելու առումով:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումներուն կը դիմէ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու նպատակով: Ան հաստատեց, որ սէուտցիները որեւէ ատեն կրնան այցելել Լիբանան:

Share this Article
CATEGORIES