ՊԸՐՐԻ. «ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ԵՒ ԱՄԱԼ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՄԻՋԵՒ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԴԱՇԻՆՔ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ գոյութիւն ունի մնայուն դաշինք մը, որ երբեք կարելի չէ խզել:
Պըրրի հաստատեց, որ երկու քաղաքական ուժերը մնայուն կերպով իրարու կը զօրակցին, աւելցնելով, որ անոնց միջեւ դաշինքը կ՛ընդգրկէ կենցաղի, քաղաքականութեան, ծառայութեանց եւ բարգաւաճման գործակցութիւն, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան եւ անոր զէնքին նկատմամբ զօրակցութիւն:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ հեռագիրներ յղեց արաբական երկիրներու, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններու եւ ազգային ժողովներու նախագահներուն` անոնց առաջարկելով կայացնել արտակարգ նիստ մը, որուն ներկայ գտնուին վերոնշեալ երկիրներու խորհրդարաններուն նախագահները:
Պըրրի առաջարկեց քննարկել այն միջոցները, որոնք կ՛օժանդակեն արաբական երկիրներուն մէջ կայունութեան հաստատումին, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներու վարչակարգերուն բարելաւման:
Այդ հեռագիրներուն մէջ Պըրրի նկատել տուաւ, որ Իսրայէլ կը չարաշահէ արաբական երկիրներուն մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը եւ առիթէն օգտուելով կը բազմացնէ պաղեստինեան շրջաններուն մէջ բնակեցման վայրերու կառուցումը, ինչպէս նաեւ կը խեղդէ պաղեստինցի ժողովուրդը` Կազան առնելով իր զէնքի ուժին ներքեւ:
Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատան մշակութային կցորդ սէյիտ Մոհամետ Հիւսէյն Ռայիսզատէն, որուն ընկերակցեցաւ Հըզպալլայի կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Հասան Պաղտատի եւ այլ պատասխանատուներ:
Հանդիպումէն ետք Ռայիսզատէ յայտնեց, որ Իրանի մշակոյթի նախարարութեան կազմակերպութեամբ յառաջիկայ 18 մայիսին Իրանի Քոմ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ համագումար մը` նուիրուած լիբանանցի վաստակաւոր մտաւորականներ շէյխ Մոհամետ պըն Մաքքի Ժեզզինիի եւ շէյխ Զէյնէտտին Ժապհիի: Ան աւելցուց, որ այս առիթով իրենք Պըրրիէն խնդրած են համագումարին հովանաւորութիւնը ստանձնել:
Ռայիսզատէ նշեց, որ Պըրրի ընդառաջած է խնդրանքին ու խոստացած անձամբ ներկայ գտնուիլ համագումարին եւ անոր ընթացքին խօսք մը արտասանել: