ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԱՐԱԳԱՑՆԵԼՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

Նախագահ Սլէյման եւ Տար Ֆաթուայի պատուիրակութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը իբրեւ առաջնահերթութիւն նկատի ունենայ Լիբանանի բանտերուն թղթածրարը եւ ամէն ջանք ի գործ դնէ արմատական լուծում մը գտնելու այդ թղթածրարին` բարելաւելով բանտերուն մէջ տիրող կացութիւնը` մարդակային ու ընկերային առումով եւ այնպիսի մօտեցումով մը, որ բանտը ըլլայ սայթաքողներու եւ յանցագործներու ընթացքը սրբագրելու կեդրոն մը եւ ոչ թէ միայն վայր մը, ուր պարզապէս մարդիկ կը պատժուին եւ անմարդկային պայմաններու տակ կը գտնուին:

Նախագահ Սլէյման այս յայտարարութիւնները կատարեց, երբ անոր այցելեց բանտարկեալներուն եւ անոնց հարազատներուն զօրակցութեան Տար Ֆաթուայի մէկ պատուիրակութիւնը, որ կոչ ուղղեց նախագահին վերջ տալու արգելափակեալներու տանջանքներուն եւ արագացնելու անոնց դատավարութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան

ներկայացուցիչ Ապտալլա Ապտալլան, որ նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ողջոյնները:

Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց քաղաքացիական ծառայութեան միութեան նախագահ, նախկին նախարար Խալետ Քապպանին, որ նախագահին յանձնեց յատուկ տեղեկագիր մը` քաղաքացիական ծառայութիւնը բարելաւելու եւ վարչական ծառայութիւնը արդիականացնելու մասին:

Միւս կողմէ, 13 ապրիլ 1975-ին բռնկած քաղաքացիական պատերազմին առիթով, նախագահ Սլէյման «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին նկատել տուաւ, որ Լիբանանի քաղաքական ուժերէն կը պահանջուի Թաէֆի համաձայնագիրին տառացի գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան որդեգրումը իբրեւ միակ միջոց` լուծելու համար այն հարցերը, որոնց շուրջ տարակարծութիւններ կան, ինչպէս նաեւ սրբագրելու համար երկրին սահմանադրութեան թերութիւնները:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ «Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ նշուած լիբանանեան ազգային համերաշխութեան ուխտին հաւատարիմ պէտք է մնանք եւ պէտք չէ զայն վերածենք այս կամ այն կողմին իրաւասութիւններուն շուրջ կռուախնձորի:

Նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց 1960-ի ընտրական օրէնքը` զայն նկատելով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ուղղակի պատճառը:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց անշեղ մնալու երկրին սահմանադրութենէն եւ յանձնառու մնալու մեր վրայ սահմանադրութեան պարտադրած պատասխանատուութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES