«Ամալ» Շարժումին Կազմակերպած Քաղաքապետութիւններու Առաջին Խաղերը Հասան Իրենց Աւարտին
Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած Լեռնալիբանանի նահանգի քաղաքապետութիւններու առաջին խաղերը, կազմակերպուած` «Ամալ» շարժումին կողմէ, հասան իրենց աւարտին:
Այս խաղերուն տեղի ունեցան մինի-ֆութպոլի, փինկ փոնկի եւ վազքի մրցումներ:
Մինի ֆութպոլի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան «Օլ Սփոր»-ի դաշտերուն վրայ (Շուէյֆաթ), իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 քաղաքապետութիւններ: Առաջին դիրքը գրաւեց Քամաթիէի քաղաքապետութիւնը, ապա անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը` Քաթարմայա եւ Հազմիէ:
Փինկ փոնկի մրցումները, որոնք տեղի ունեցան Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա ակումբին մէջ, մասնակցեցան 16 խումբեր: Առաջին հանդիսացաւ մրցումները հիւրընկալող ակումբը, իսկ անոր ետին 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Պաաքլին եւ Քամաթիէ:
Վերջապէս, վազքի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Ժիպէյլի մէջ, մասնակցեցան 14 քաղաքապետութիւններ:
Առաջին հանդիսացաւ Ժուն, երկրորդ` Հասուն, իսկ երրորդ` Ժիպէյլ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ երեք մարզախաղերուն մրցանակաբաշխութիւնը:

