Ճատրակ. Հայաստան Պարտուեցաւ Ռուսիայէն

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Վլատիմիր Տիորքովիչի անուան նուիրուած ճատրակի 7-րդ միջազգային մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի պատանիներու հաւաքականը, որ կը մրցէր Ռուսիոյ դէմ, կրեց մրցաշարքի իր երրորդ պարտութիւնը` 3,5-0,5 արդիւնքով:

Սուզաննա Կապոյեան միակն ըլլալով յաջողեցաւ կէտ մը ապահովել Հայաստանի, մինչ Տիգրան Կ. Յարութիւնեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Վլատիմիր Կանջարեան պարտութիւն կրեցին:

 

Share this Article
CATEGORIES