«Եուրոփա Լիկ». Փիւնիկ, Շիրակ Եւ Գանձասար Այսօր Կը Կատարեն Ա. Հանգրուանի Իրենց Երթի Մրցումները
«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 5 յուլիսին, հայկական երեք խումբեր` Փիւնիկ, Շիրակ եւ Գանձասար, մրցումներ ունին կատարելիք:
Փիւնիկ միակ խումբն ըլլալով իր մրցումը պիտի կատարէ Հայաստանի մէջ, մինչ մնացեալ երկուքը իրենց մրցումները պիտի կատարեն օտար դաշտերու վրայ:
Փիւնիկ իր դաշտին վրայ ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) պիտի հիւրընկալէ Զեթա Կոլուպովչին (Մոնթենեկրօ): Շիրակ նոյն ժամուն հիւրը պիտի ըլլայ Ռուտար Փլժեվլժայի (դարձեալ Մոնթենեկրօ):
Իսկ երրորդ եւ վերջին մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 21:-00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Գանձասար հիւրը պիտի ըլլայ Սթրէյմուրի (Ֆարօ կղզիներ):
Ըստ գրաւի գրասենեակներուն, կը կարծուի, որ այսօր յաղթանակներ պիտի արձանագրեն Փիւնիկ եւ Շիրակ, մինչ Գանձասարի յաղթանակը կասկածի տակ է:
Փափաքելի պիտի ըլլայ, որ հայկական երեք խումբերն ալ այսօր յաղթանակ արձանագրեն: Սակայն Փիւնիկ իր ամէն կարելին պիտի ընէ յաղթանակ արձանագրելէ բացի քանի մը կոլ նշանակելու իր մրցակիցին դէմ, այլապէս դարձի մրցումին կրնայ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնել ինքզինք:
Պարագան քիչ մը տարբեր է սակայն մնացեալ երկուքին համար, որովհետեւ ձախողութեան մը պարագային, դարձին անոնք օտար դաշտերու վրայ դժուարութիւններ կրնան ունենալ:


