50 Տարի Առաջ ( 6 Յուլիս 1962 )

Հայ Աւետարանական Քոլեճի
Ամավերջի Հանդէսը

Հայ աւետարանական քոլեճի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, յունիս 29-ի երեկոյեան, քոլեճի նորակառոյց դաշտին վրայ, շքեղ հանդիսութեամբ ու հոծ հասարակութեան ներկայութեան:

Գեղեցկօրէն զարդարուած բեմին վրայ տեղ գրաւած էին Ամերիկեան համալսարանի փրոֆեսէօրներէն ու Հայ աւետարանական քոլեճի հոգաբարձութեան ատենապետ Դանիէլ Ոսկեան, Հայ աւետ. Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Կ. Թիլքեան ու վարժարանիս բազմավաստակ տնօրէն Յակոբ Գասպարեան:

Վեր. Թիլքեանի աղօթքով բացուած յայտարարուեցաւ հանդէսը: Ապա յամրաքայլ բեմ յառաջացաւ աւարտականներէն Ռիթա Հիւսէյնճեան ու յանուն աւարտական կարգին` կարդաց խնամեալ ուղերձ մը եւ որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն` աւարտականներու կողմէ ծաղկեփունջ մը նուիրեց տնօրէնութեան:

Վարժարանին երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Օննիկ Սիւրմելեանի, աւելցուց փայլը հանդէսին:

Ապա խօսքը կը տրուի Դանիէլ Ոսկեանին. յարգելի բանախօսը կը յորդորէ աւարտականները` վառ պահել Հայ աւետ. քոլեճին վարկն ու համբաւը` ի՛նչ հորիզոններու տակ ալ գտնուին, ունենալ կորով ու յարատեւ աշխատանք:

Ապա կարգն է վկայականաց բաշխման: Ծափերու յարատեւ տարափին ներքեւ աւարտականները բեմ բարձրանալով` ստացան իրենց վկայականները, որպէս ապացոյց տարիներու իրենց տքնաջան աշխատանքին:

Լ. Պապիկեան կարճ բայց իմաստալից կերպով կը նշէ, թէ դպրոցին կէտ նպատակը ուսանողները պետական պաքալորէայի պատրաստելով հանդերձ, է՛ նաեւ կրթել աշակերտին անձն ու հոգին` զանոնք դարձնելով տիպար անհատներ:

Տնօրէնի հուսկ բանքէն կ՛ընենք հետեւեալ մէջբերումը.

«Այսօր, այս հանդիսաւոր պահուն, այս բեմէն վերջին անգամ ըլլալով իմ խօսքերս կ՛ուղղեմ իբրեւ տնօրէն-ուսուցիչ, քանի դուք այլեւս այս դպրոցին հարիւրաւոր շրջանաւարտներու կարգին պիտի դասուիք` մաս կազմելով տղոց եւ աղջիկներու այն մեծ խումբին, որոնք իբրեւ մարդեր եւ կիներ կեանքի զանազան ասպարէզներու վրայ գրաւած են կարեւոր դիրքեր` իբրեւ բժիշկ, երկրաչափ, ուսուցիչ կամ մայր, վերջապէս մարդիկ, որոնք սորված են ապրիլ իրենց անձը ծառայութեան նուիրելով»:

«Վերջին պատգամս ձեզի հետեւեալն է, յիշեցէ՛ք թէ կեանքի նոր հանգրուան մը կը թեւակոխէք, ուր նուիրումը պէտք է գրաւէ հիմնական տեղը:

«Սատարեցէք հայը հայ պահելու ճիգին մէջ, ձեր բոլոր միջոցներով»:

Վեր. Կ. Թիլքեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք հանդէսը վերջ գտաւ:

Այս տարի վկայական ստացան հետեւեալ ուսանող-ուսանողուհիները.

Ահարոնեան Հրայր, Խրլոբեան Սարգիս, Սատըգեան Գրիգոր, Ներսէսեան Յակոբ, Ներսէսեան Փօլ, Տոմպուրեան Յակոբ, Շնորհոքեան Յովհաննէս, Իսկենտերեան Յովհան, Գահվեճեան Պետիկ, Ղորղորեան Միհրան, Սափսըզեան Օհան, Գրաճեան Գէորգ, Չեքեմեան Ժագ, Այնելեան Ճորճ, Գասնագճեան Սահակ, Սիսլեան Յարութիւն, Հիւսէյնճեան Ռիթա, Աճեմեան Վերգինէ, Տէր Մեսրոպեան Հայկանուշ, Շահինեան Սոնիա, Տաղլեան Սօսի, Թրփանճեան Արփի, Մանուկեան Անի, Ներնեքեան Մելինէ, Օհանեան Եփրաքսի, Բագրատունի Սալբի, Պաստրմաճեան Մարգրիտ, Պուչագճեան Արփի, Խաչատուրեան Ալիծ, Աշըգեան Աղաւնի, Պալապանեան Կլատիս, Աբոշեան Եսթեր:

ԳԷՈՐԳ ԳՐԱՃԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES