Խորհրդաւոր Յայտնաբերումներ. Աշխարհը` Գունաւոր Մատիտներով…
… ԿԱՄ` ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՆՈՒՆՆԵՐ ՏՈՒԱԾ ԵՆՔ ԳՈՅՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԽԱՆԳԱՐԱԾ` ՄԵՐ ՈՒՂԵՂԸ: ԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ, ԵՐԲ ԳՈՅՆԵՐԸ ԱՆՈՒՆ ՉՈՒՆԷԻՆ: ՆՈՅՆԻՍԿ ՀՈՄԵՐՈՍԻ ԴԻՒՑԱԶՆԵՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ «ԱՆԳՈՅՆ» ԵՆ: ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՏԱՀԱԾ Է ԳՈՅՆԵՐՈՒՆ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ: www.empiricalzeal.com ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՊԵՂԷ ԳՈՅՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՒՂԵՂԻՆ ՎՐԱՅ ԱՆՈՆՑ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ: ՍՏՈՐԵՒ ՏՐՈՒԱԾ ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԸ ԿԸ ՎԵՐԱԲԵՐԻ ՏԱՐԲԵՐ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԳՈՅՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ԾՆՈՒՆԴԻՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ, ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ` ԱՆՈՆՑ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԵԶՐԵՐՈՒՆ: ԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆԸ, ՈՐ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ԳՈՅՆԵՐԸ ԸՆԿԱԼԵԼՈՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ, ՏԵՍՆԵԼ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ԷՋՈՎ:
«Ո՞վ կրնայ ծիածանին մէջ քաշել գիծ մը հոն, ուր մանիշակագոյն երանգը վերջ կը գտնէ եւ սկիզբ կ՛առնէ նարնջագոյնը: Անջատաբար կը տեսնենք երկու գոյներուն տարբերութիւնը, սակայն ճիշդ ո՛ւր առաջինը խառնուելով կը միանայ միւսին: Չենք գիտեր: Նոյնն է պարագան ողջմտութեան եւ խելագարութեան»:
Հերման Մելվիլ «Պիլի Պատ» վէպին մէջ:
Ճափոնի մէջ մարդիկ ճամբու լոյսերուն կ՛ակնարկեն իբրեւ կապոյտ լոյս: Ասիկա քիչ մը տարօրինակ է, որովհետեւ Ճափոնի մէջ ինքնաշարժներուն յառաջանալու նշանը տուող լոյսը նոյնքան կանաչ է, որքան` աշխարհի մէջ որեւէ տեղ: Հետեւաբար ինչո՞ւ անոր գոյնը կը փոխուի թարգմանութեամբ: Տեսողական այս առեղծուածին արմատները կը գտնուին լեզուի պատմութեան մէջ:
Ճափոնցիներուն
Կապոյտն Ու Կանաչը
Կապոյտն ու կանաչը ունին նմանօրինակ երանգներ: Անոնք կողք կողքի կ՛երեւին ծիածանին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մեր աչքին լոյսը կրնայ հեզասահօրէն միաձուլուիլ կապոյտէն կանաչ եւ` հակառակը, առանց անոնց միջեւ որեւէ այլ գոյնի կողքէն անցնելով: Նախքան արդի ժամանակները` ճափոնցիք միայն մէկ բառով կը բնորոշէին կապոյտն ու կանաչը, զորս կը կոչէին աօ: Այս գոյները իրարմէ բաժնող պատուարները տակաւին չէին բարձրացած: Մինչ ճափոներէնը սկսաւ եղափոխուիլ` շուրջ 1000 թուականին, Հայեան ժամանակաշրջանին, տեղի ունեցաւ հետաքրքրական բան մը: Ծնունդ առաւ նոր բառ մը` միտորի, որ կը նկարագրէր կապոյտի տեսակ մը, կանաչաւուն երանգ մը: Միտորին մէկ երանգն էր աոյի, անիկա ինքնին նոր եւ առանձին գոյն մը չէր:
Գոյներու այս յաջորդականութեան մէջ առաջին պատուարներէն մէկը կը բարձրանար շատ անհաւանական անկիւնէ մը: 1917-ին Ճափոն սկսած էր ներածել առաջին գունաւոր մատիտները, որոնք իրենց հետ կը բերէին տեսողական միակտուր պատկեր մը կոկիկ եւ անջատ մասերու բաժնելու կարելիութիւն մը: Գունաւոր տարբեր մատիտներ կային կանաչ (միտորի) եւ կապոյտ (աօ) գոյներով, եւ մանուկներ սկսան որդեգրել այս անունները: Սակայն բուն փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, Դաշնակից ուժերու կողմէ Ճափոնի գրաւումին ժամանակ, երբ դաստիարակչական նոր նիւթեր սկսան շրջանառութեան մէջ դրուիլ: 1951-ին նախակրթարանի առաջին դասարանի ուսուցիչներու տրամադրուած ուղեցոյց գիրքերու մէջ տարբերութիւն կը դրուէր կապոյտի եւ կանաչի միջեւ: Միտորի բառը կը կոփուէր` յարմարելու համար այս նոր նպատակին:
Արդի ճափոներէնին մէջ միտորին կանաչն է, տարբեր` կապոյտէն: Սակայն կապոյտի եւ կանաչի այս բաժանումը հետքեր ձգած է իր ետին: Ճափոներէնի մէջ տակաւին ներկայ են որոշ ապացոյցները այս կոպիտ բաժանումին: Օրինակ, բազմաթիւ լեզուներու մէջ բանջարեղէն բառը հոմանիշ է կանաչի (ուրտու լեզուով սապզի բառացիօրէն կը նշանակէ կանաչութիւն, իսկ անգլերէնի մէջ կ՛ըսուի` «Իթ եուր կրինզ», այսինքն` կանաչեղէն կերէք (ինչպէս նաեւ` հայերէնի, «Ա.»): Սակայն ճափոներէնի մէջ բանջարեղէնը աոմոնօ է, այսինքն` «կապոյտ բաներ»: Կը կարծէք թէ խնձորը կանա՞չ է Ճափոնի մէջ, ո՛չ, ան ալ կապոյտ է, ինչպէս նաեւ կապոյտ են գարնան առաջին տերեւները, եթէ զանոնք պիտի բնորոշենք իրենց ճափոներէն բառերով: Անգլերէնի մէջ երբեմն կանաչ բառը կը գործածուի նկարագրելու համար նորեկ մը, անփորձ անձ մը: Ճափոներէնի մէջ նման անձեր կը կոչուին աօ-քուսայի, այսինքն անոնք «կապոյտ կը բուրեն»: Կը թուի, թէ գոյները իրարմէ բաժնող սահմանները քիչ մը տարբեր ուղիներով կ՛ընթանան Ճափոնի մէջ:
Հարցը միայն ճափոներէնին չի վերաբերիր: Բազմաթիւ այլ լեզուներու մէջ եւս սահմանները կ՛աղօտին կապոյտի եւ կանաչի միջեւ: Կան լեզուներ, որոնց մէջ ոչ մէկ տարբերութիւն գոյութիւն ունի այս երկու գոյներուն միջեւ: Վիեթնամի մէջ թայ լեզուով խիաու կը նշանակէ կանաչ, բացի երբ կը վերաբերի երկինքի կամ ծովու կապոյտ գոյնին: Քորէայի լեզուով փուրուետա բառը կը գործածուի կապոյտ կամ կանաչ գոյն մը բնորոշելու համար: Նոյնն է պարագան չինարէն քինկ բառին, որուն մէջ կը միախառնուին կապոյտն ու կանաչը: Հարցը չի վերաբերիր միայն արեւելեան Ասիոյ լեզուներուն: Այս երեւոյթը ակներեւ է բազմաթիւ լեզուաընտանիքներու մէջ: Իրօք, Ռետիօլապ վերջերս սփռած էր գոյներու վերաբերող յայտագիր մը, ուր կը նկարագրուէր, թէ ինչպէ՛ս կապոյտը գոյութիւն չունէր Աստուածաշունչի եբրայերէն բնօրինակին մէջ, ոչ ալ` Հոմերոսի «Իլիական»-ին կամ «Ոդիսական»-ին:
Գոյներու Քարտէս
Ասիկա զարմանահրաշ բան մըն է, որովհետեւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն հզօր գաղափարը, թէ ինչպէ՛ս կը պատկերացնենք աշխարհը: Ի վերջոյ, ի՞նչ բան է գոյնը: Գունաւոր մատիտներուն պէս մեր դիմաց ունինք բան մը, որ չունի բնական սահմաններ, այլ խօսքով` տեսանելի լոյսին ալիքները, եւ կը փորձենք զանոնք բաժնել կոկիկ դասաւորումներու` անուն մը տալով իւրաքանչիւրին:
Պահ մը երեւակայեցէք, թէ ունիք ծիածանի գոյներով թուղթի կտոր մը, որուն գոյները հեզասահօրէն կը փոխակերպուին եւ կը միաձուլուին: Ասիկա կը նմանի գոյներու տարածքի քարտէսի մը: Եւ ինչպէս իրական քարտէսի մը պարագային, կրնանք սահմաններ գծել անոր վրայ: Մաս մը` վարդագոյն ներկել, ուրիշ մաս մը` նարնջագոյն, դեղին եւ այլն:
Սակայն, եթէ քիչ մը աւելի մտածենք այս մասին, պիտի տեսնենք, թէ առեղծուած մը կայ այստեղ: Ինչո՞ւ տարբեր մշակոյթներ նոյն սահմանները պիտի գծէին գոյներու միջեւ: Եթէ կը խօսինք տարբեր լեզուներ, մեծ մասամբ` տարբեր պատմական անցեալով, արդեօք մեր նախահայրերը պէտք չէ՞ր ստեղծած ըլլային տեսողական տարբեր քարտէսներ:
Այս հարցը առաջին անգամ դրուած է 1960-ական տարիներու վերջերուն, Պրենթ Պերլինի եւ Փոլ Քէյի կողմէ: Անոնք կ՛ուզէին գիտնալ, թէ արդեօք գոյութիւն ունի՞ն տիեզերական ուղեցոյց օրէնքներ, որոնք կը ղեկավարեն մշակոյթներու մէջ գոյներու քարտէսի մը կազմութիւնը:
Անոնք յայտնաբերած են հետեւեալը. լեզուներու մէջ գոյներու վերաբերող բառերու թիւերը կը տարուբերին 2-11-ի միջեւ: Քննելէ ետք 98 տարբեր լեզուներ, անոնք նկատած են կրկնուող երեւոյթ մը: Բաւական արմատական գաղափար մըն էր այն հաստատումը, թէ գոյութիւն ունի որոշ անփոփոխ հենք մը, որմէ ծնունդ կ՛առնեն գոյներուն անունները: Կը թուէր, թէ լեզուները կը հետեւէին հասարակաց ուղիի մը, որ կ՛առաջնորդէր դէպի հետզհետէ աճող տեսողական այլազանութիւն: Իսկ այս ուղին կը թելադրէր հետեւեալը.
Եթէ լեզուի մը մէջ ճանչցուած են միայն երկու գոյներու անուններ, ապա անոնք կը վերաբերին բաց եւ մութ երանգներու, այսինքն` սեւի եւ ճերմակի: Եթէ գոյութիւն ունի երրորդ գոյնի մը անունը, անիկա կը վերաբերի կարմիրին: Յաւելեալ գոյն մըն է կանաչը կամ դեղինը: Հինգ գոյներու անուններու գոյութեան պարագային է, որ այս երկուքը միասնաբար ներկայ են: Իսկ երբ լեզու մը ունի 6 գոյներու անուններ, ապա կանաչը կը բաժնուի երկուքի եւ կ՛ունենանք կապոյտը: Այստեղ մեր դիմաց կը տեսնենք հասարակաց ուղի մը, ուրկէ ընթացած է լեզուներուն մեծ մասը, դէպի տեսողական աւելի յստակ զանազանութիւն (ուսումնասիրութեան ենթարկուած 98 լեզուներուն 92-ը կը հետեւի այս հիմնական ուղիին):
Քէյի եւ Պերլինի քննադատները կը վիճէին, թէ անոնք լայն եզրակացութիւններու յանգած էին` մեկնելով սակաւաթիւ ապացոյցներէ: Ոմանք կ՛ըսէին, թէ անոնց ուսումնասիրութիւնը շատ նեղ էր, թէ` անոնք տուեալ լեզուներուն պատկանող սակաւաթիւ անձեր ուսումնասիրած էին, թէ` անոնց ուսումնասիրութիւնը միակողմանի էր, որովհետեւ մեծ մասամբ հիմնուած էր ճարտարարուեստականացած հաւաքականութիւններու լեզուներուն վրայ, որոնք ունէին գրաւոր արտայայտչամիջոցներ: Աւելի՛ն. անոնց կիրարկած մեթոտները այնքան ալ քանակական չէին:
Աշխարհի Գոյներու
Ուսումնասիրութիւն
Նման քննադատութիւններու հակազդելու նպատակով հեղինակները ձեռնարկած էին աշխարհի գոյներու ուսումնասիրութեան մը. ծրագիր մը, որուն հիմամբ անոնք տեղեկութիւններ սկսան հաւաքել 1970-ական տարիներու վերջերուն: Ուսումնասիրութեան ենթարկուեց 110 գոյներ, որոնք բոլորն ալ բանաւոր կը յիշուէին նախաճարտարարուեստական հաւաքականութիւններու մէջ, եւ որոնց մեծ մասը զուրկ էր գրաւոր արտայայտութեան միջոցներէ:
Այնուհետեւ ուսումնասիրողները սկսան պատրաստել գոյներու սահմանագիծեր ներկայացնող քարտէսներ` իւրաքանչիւր լեզուի համար: Այս նպատակով անոնք տուեալ իւրաքանչիւր հաւաքականութեան պատկանող անձերու ցոյց տուին 40 տարբեր գոյնի սալիկներ` 10-ական երանգներով. ընդամէնը` 400 գոյնի սալիկներ, որոնք կը ներկայացնէին մեր տեսողական աշխարհը կառուցող մասերը:
Ապա ուսումնասիրողները այս 110 տարբեր լեզուները խօսող բնիկներէն խնդրած են տալ անունը իւրաքանչիւր սալիկի գոյնին: Բնիկներէն շատերը կու գային հեռաւոր վայրերու մէջ ապրող ցեղախմբային մշակոյթներէ: Ցանկագրելէ ետք անոնց տուած գոյներուն անունները, ուսումնասիրողները սալիկները բաժնած են գունաւոր կղզիներու` նախապէս իրենց կազմած գոյներու քարտէսին պէս, եւ ի յայտ բերած են հետեւեալը.
Մշակոյթներ տարբեր բառերով կը ներկեն աշխարհը: Նոր Կուինէայի բարձրաւանդակին վրայ ապրող տանիները իրերը կը տեսնեն միայն երկու երանգներով. անոնք միլի կը կոչեն այն երանգները, որոնք մութ են, սկսեալ` կապոյտի երանգներէն մինչեւ կանաչի եւ սեւի երանգներ, եւ մոլա կը կոչեն բաց գոյնի երանգները, ինչպէս` կարմիրի եւ դեղինի տեսակներէն մինչեւ ճերմակը: Կարգ մը լեզուներու մէջ գոյութիւն ունին միայն 3 հիմնական գոյներ, ուրիշներու մէջ` 4, 5, 6, եւ աւելի: Նոյնիսկ զարգացած է բանավէճ մը, թէ արդեօք Ամազոնի փիրայա ցեղախումբը որեւէ գոյնի յատուկ բառ մը ունի՞: Եթէ փիրաիա ցեղախումբէն անձի մը ցոյց տանք կարմիր բան մը եւ հարցնենք, թէ ի՛նչ է անոր գոյնը, ան կը պատասխանէ` «Արիւնի գոյն»:
Սակայն տակաւին թաքուն բան մը կայ այս այլազանութեան ետին: Արդեօք հոն տակաւին գոյութիւն ունի՞ գլխաւոր ճամբայ մը, թէ` կարգ մը լեզուներ կը հետեւին այլ ուղիի մը: Պատասխանը այո՛ է, երկուքին պարագային:
Այս բոլորը կը ներկայացնեն շատ բարդ պատկեր մը: Սակայն պէտք է նկատի ունենալ, թէ ուսումնասիրութեան ենթարկուած 6 լեզուներէն 5-ը կը հետեւին գլխաւոր ուղիին: Ուրեմն պատմութիւնը կ՛ընթանայ այսպէս. սկիզբը գոյութիւն ունի մութ եւ պայծառ գոյներու սեւ ու ճերմակ աշխարհ մը, ուր կան ջերմ եւ սառն գոյներ, սակայն հոն չկան նրբերանգներ: Ապա կարմիրի եւ դեղինի երանգներ կը բաժնուին ճերմակէն: Այժմ արդէն ունինք կրակը կամ բոցավառ արեւամարը նկարագող բառ մը: Կարգ մը ցեղախումբերու քով գոյներու զանազանութիւնը վերջ կը գտնէ այստեղ: Աւելի ուշ կապոյտի եւ կանաչի երանգներ կ՛անջատուին սեւէն: Անտառներ, երկինքներ եւ ովկիանոսներ կը սկսին ունենալ իրենց սեփական տեսողական բառապաշարը: Ի վերջոյ այս գոյները կ՛ունենան իրենց ենթաբաժանումները: Նախ կը կիսուի կարմիրը, ապա` դեղինը, ի վերջոյ կապոյտը կը բաժնուի կանաչէն: Անտառը կը բաժնուի երկինքէն: Ճափոնի պարագային այս վերջին անցումը տեղի ունեցած է արդի պատմութեան մէջ:
Գերբնական ուժ մը դերակատար է այստեղ: Խնդրոյ առարկայ մշակոյթները ունին իրարմէ տարբեր պատմութիւններ. այսուհանդերձ, անոնք ձեւով մը կը ներգրաւուին դէպի նոյն աղբիւրը` բաժնելու համար տեսողական «կարկանդակը»: Հետեւաբար կարելի է հարց տալ. արդեօք անոնց ընտրած գոյները իւրայատուկ յատկանի՞շ մը ունին: Աշխարհի գոյներու ուսումնասիրութեան պատրաստած գոյներու քարտէսները օգտագործելով` ուսումնասիրողներ յաջողած են պատասխան մը գտնել այս հարցումին: Այնուհետեւ անոնց կատարած աշխատանքը շարունակած են Թերի Ռըժիէ, Փոլ Քէյ եւ Նաւին Խեթարփալ:
Համակարգիչը Հաշտ`
Լեզուին Հետ
Պահ մը երեւակայեցէք հետեւեալ փորձարկութիւնը. նպատակ ունիք տեսողական տարածք մը ներկայացնող տարբեր գոյնի սալիկները բաժնել չորս տարբեր խմբաւորումներու: Ի՞նչ պիտի ըլլար լաւագոյն ձեւը: Անշուշտ պիտի փափաքէինք, որ գոյները տարբերուէին, որպէսզի մարդիկ կարենային զանազանել զանոնք: Այսուհանդերձ, նաեւ պիտի ուզէինք, որ իւրաքանչիւր գոյն պարունակէր իրարու շատ նման երանգներու փունջ մը, որպէսզի դիւրութեամբ զանազանուէին: Ուսումնասիրողները այս երկու հակասական պարտականութիւնները յանձնած են համակարգիչին, ապա դիտած են, թէ անոր հաշուարկումները ինչպէ՛ս պիտի պայքարէին այս հակասական պատուէրներուն դէմ, մինչեւ որ հասնէին ցանկալի միջին եզրի մը: Այլ խօսքով` անոնք կը փնտռէին գոյներու լաւագոյն քարտէս մը, եթէ երբեք նման բան գոյութիւն ունէր:
Համակարգիչը կ՛առնէր գունաւոր սալիկները եւ զանոնք կը ներկէր չորս տարբեր գոյներով, այնպէս` ինչպէս լեզուներու մէջ գոյներու քարտէսը կազմուած էր չորս գոյներու անուններով:
Նմանութիւն մը կայ այստեղ: Այնպէս չէ՞: Եւ ճիշդ ա՛յս է բուն կէտը: Ուսումնասիրողները կ՛եզրակացնեն, թէ ա՛յն գոյները, զորս ընտրած ենք «ներկելու» համար աշխարհը, խորքին մէջ լաւագոյն ընտրանքն են:
Համակարգչային հաշուարկումները նաեւ նմանօրինակ նախատեսութիւններ կատարած են` տարբեր լեզուներու մէջ 4, 5 եւ 6 գոյներու անուններու յայտնութեան համապատասխան արդիւնքներ տալով:
Քիչ մը տարօրինակ է, թէ համակարգիչը եւ լեզուները ինչպէ՛ս նոյն ձեւով կ՛օգտագործեն տուեալները: Սակայն գոյութիւն ունին նաեւ բազմաթիւ լեզուներ, որոնք չեն համապատասխաներ այս օրինակին: Այսուհանդերձ, ուսումնասիրողները կը վիճին, թէ գոյներու մեր ընտրութիւնը իւրայատուկ բան մըն է: Եթէ փորձենք խախտել անոնց քարտէսին սահմանները, ապա նոր գոյները նուազ կատարեալ, այսինքն նուազ ճշգրիտ դուրս կու գան:
Ասիկա կը նշանակէ, թէ գոյները պարագայական շերտեր չեն, որոնք կը բաժնեն տեսողական «կարկանդակ» մը: Անոնք ձեւով մը հիմնական բաժանումներ են, որոնք ձգողական ուժով կը ներգրաւեն տարբեր մշակոյթներու պատկանող անձեր: Վստահաբար անոնք կապ ունին աշխարհը տեսնելու մեր կենսաբանական կառուցուածքին հետ: Այլ խօսքով` ծիածանի գոյները իրարմէ բաժնուած են «կարերով»: Կրնանք զանոնք անջատել եւ բաժնել իրենց հիմնական տեսողական մասերուն եւ ի յայտ բերել քանի մը գոյներ: Սակայն շունը ծիածանին մէջ կը տեսնէ շատ աւելի նուազ թիւով բաղկացուցիչ տարրեր, եւ ծիածան մը տեսնելը անոր համար նուազ հարուստ տեսողական փորձառութիւն մըն է:
Այսուհանդերձ, պէտք չէ շատ հպարտանանք: Մարախի տեսակ մը` մանթիս շրիմփ, ունի աներեւակայելիօրէն հարուստ ծիածանի գոյներ. թերեւս տասնեակ հազարաւոր գոյներ կը միաձուլուին անոր պատեանին եւ մարմնին մէջ` սկսեալ մութ կարմիրէն մինչեւ անդրմանիշակագոյն: Այս միջատին դիտանկիւնէն, մեր տեսողական աշխարհը շատ ձանձրացուցիչ է: Ռետիօլապի մէկ յայտագիրին մէջ գոյները կը նկարագրուին երգչախումբի մը միջոցով` տեսողական այս գաղափարը ձայներով ներկայացնելու համար: Այսպէս, տեսողական լուսապատկեր մը կը վերածուի երաժշտական պատկերի եւ կը ստեղծէ հրաշալի տպաւորութիւն:
(Շար. 1)
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ





