«Ովասիս 2012» Ամառնային Ծրագիրի Բացման Հանդիսութիւն
Երեքշաբթի, 3 յուլիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, «Ովասիս 2012» ամառնային ծրագիրի մասնակից աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն, արդէն սկսած էին հաւաքուիլ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ:
Ժամը 10:00-ին Մեսրոպեան վարժարանի Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին դիմաց տեղի ունեցաւ «Ովասիս 2012» ամառնային ծրագիրի բացման հանդիսութիւնը: Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ «Ովասիս»-ը հաճելի եւ ուրախ ամառնային ծրագիր մըն է, որ նաեւ ունի դաստիարակչական եւ ազգային նպատակներ:
Տնօրէնը շեշտեց, որ ծրագիրին մասնակիցները պէտք է կարգապահութեամբ հետեւին ծրագիրի օրէնքներուն, որպէսզի աշխատանքները հեզասահ կերպով ընթանան: Կրեկուար Գալուստ բարի գալուստ մաղթեց Հայաստանէն, Տուպայէն, Իրաքէն, Քուէյթէն, Պահրէյնէն, Քանատայէն, Ուրուկուէյէն, Ուքրանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Շուէտէն Լիբանան ժամանած եւ «Ովասիս»-ին մասնակցող աշակերտներուն:
«Ովասիս 2012» ամառնային ծրագիրը ունի փոքրերու (3-7) եւ մեծերու (8-13) Փոքր եւ Մեծ Մասիս խումբերը, որոնք բաժնուած են 9 դասարաններու մէջ: Իւրաքանչիւր դասարան կը կրէ պատմական Հայաստանի շրջաններու անունները:
Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք մասնակից աշակերտները իրենց պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ մեկնեցան իրենց դասարանները, ուր ստացան եռագոյնով կազմուած «Ովասիս»-ի տարազները, մինչ «Ովասիս»-ի գլխաւոր պատասխանատու Գարոլին Թերզեան պատասխանատուներու անձնակազմին հետ կատարեց առաջին օրուան ստուգումները եւ դասաւորումները:
Յայտնենք, որ «Ովասիս 2012» ամառնային ծրագիրի մասնակից աշակերտներու ծնողները «Ովասիս»-ի գործունէութեան, ծրագիրներուն եւ պտոյտներուն ծանօթանալու համար, կրնան այցելել Մեսրոպեան վարժարանի Դիմատետրի պաշտօնական էջը (www.facebook.com/mesrobiancollege):

