Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Վարժարանի Հանդէսներ
13 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թորոսեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու Ծաղիկ դասարանի վկայականաց բաշխումը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք մեր փոքրերը իրենց յատուկ ոճով բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ անցան յայտագրի գործադրութեան: Անոնք հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով երգերու գեղեցիկ փունջով մը օրհնեցին ու փառաբանեցին Աստուած:
Ապա իւրաքանչիւր դասարան հանդէս եկաւ իր պատրաստած երգերով, պարերով ու արտասանութիւններով: Հաճելի էր դիտել զանոնք շքեղօրէն զարդարուած բեմին վրայ, ուր իւրաքանչիւրը կը փորձէր իր լաւագոյնը կատարել ուրախացնելու համար ծնողներն ու ներկաները:
Աւարտական Ծաղիկ դասարանը ներկայացուց թատրերգութիւն մը` «Աշխատասէր հաւիկը» խորագրով:
Ներկաները տեսերիզի ընդմէջէն դիտեցին 2011-2012 տարեշրջանի ընթացքին տեղի ունեցած բոլոր գործունէութիւնները: Ապա մուտք գործեցին 16 փոքրիկ շրջանաւարտները, որոնք ներկաներուն հրամցուցին «Հրաժեշտի երգը», որմէ ետք տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը` ձեռամբ վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեանի եւ հովիւ վեր. Յովհաննէս Սվաճեանի:
Իր խօսքին մէջ տնօրէնը շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները` մատնանշելով, թէ այս առաջին եւ ամէնէն կարեւոր վկայականն է, որ կը ստանան իրենց կրթական ասպարէզին մէջ: Ան յիշեցուց ծնողներուն, թէ աշխատանքը շարունակական աշխատանք է, աշխատասէր հաւիկին պէս, որ գործը շարունակեց, մինչեւ որ հացերը ստացաւ: Մենք ալ մեր աշխատանքը շարունակելու ենք, եթէ կ՛ուզենք արդիւնք ձեռք ձգել:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք ամբողջ տարին աշխատեցան բծախնդրութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ գուրգուրանքով, ինչպէս նաեւ` վարժարանի թատրոնի ուսուցիչ, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանին, որ միշտ պատրաստ է օժանդակելու:
Հանդէսը աւարտեցաւ վեր. Յովհաննէս Սվաճեանի առաքելական օրհնութեամբ: Ապա, շրջանաւարտները շնորհաւորելէ ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Շաբաթ, 23 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8.00-ին, տեղի ունեցաւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի վկայականներու բաշխման հանդէսը:
Շրջանաւարտներու պաշտօնական մուտքէն եւ զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Էմմաննուէլ եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Յովհաննէս Սվաճեան կարդաց Աստուածաշունչը եւ աղօթք մատուցեց:
Օրուան բանախօսն էր Լենա Պաղտոյեան, որ յայտնեց, թէ խելացի աշակերտը այն անձն է, որ կը շարունակէ սորվիլ, որովհետեւ ուղեղին մէջ միայն այդ կեդրոնն է, որ չի մեռնիր ժամանակի ընթացքին, այլ սորվելով` կը նորոգուի: Ապա վարժարանին երգչախումբը, Նեկտար Փալազեանի ղեկավարութեամբ, երգեց «Մենք չենք ձգեր Սուրբ Գիրքը», «Հիմն հայոց գրին» եւ «Հայոց տառեր» երգերը, որոնք նուիրուած էին հայ տպագրութեան 500-ամեակին: Զ. կարգը ներկայացուց «Քանդակներ» խորագրով մնջախաղ մը, եւ Թ. կարգէն Կասիա Հաճեքեան դաշնակի վրայ հանդէս եկաւ Արամ Խաչատուրեանի «Ժողովրդականի նմանողութեամբ» կտորով: Իններորդ կարգի աշակերտները յայտնեցին իրենց կարծիքը հայ գիրքի եւ անոր արժէքին մասին: Ներկայացուեցաւ նաեւ 2011-2012 տարեշրջանի գործունէութեան խճանկարը տի. վի. տի. արձանագրութեամբ:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ ուղերձներու ընթերցումով, Կասիա Հաճեքեան հայերէն, իսկ Արազ Պարտաքճեան` արաբերէն լեզուով:
Յաջորդաբար 6-րդ եւ 9-րդ կարգի աշակերտները ստացան վկայականներ: Տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն եւ տնօրէնուհին ուղղեց իր խօսքը շրջանաւարտներուն` յանձնարարելով, որ սիրեն գիրքն ու միշտ ընեն իրենց լաւագոյնը եւ չմնան միջակութիւններու մէջ:
Հանդէսը փակուեցաւ վեր. Յովհաննէս Սվաճեանի առաքելական օրհնութեամբ: Շրջանաւարտները հատեցին կարկանդակը: Ապա ներկաները հիւրասիրուեցան:

