Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. 80-Ամեակի Հունձք
Հայկական իրականութեան մէջ սփիւռքին վերապահուած է անուրանալի դեր` հայապահպանման նուիրական առաքելութեան մէջ: Դարեր շարունակ հայ ազգը գոյատեւեց շնորհիւ մեր վարժարաններուն տարած մեծ աշխատանքին:
Այս իմաստով լիբանանահայ մեր իրականութեան մէջ Նոր Սիսի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը 80-ամեայ վաստակով մը ներկայացաւ հանրութեան ուրբաթ, 22 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ նախագահութեամբ վարժարանիս բարերար տիկին Ա. Գասարճեանի, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը` ամավերջի հանդէսի ընթացքին ներկայացուց Դերենիկ Դեմիրճեանի «Պույ Պույ մկնիկը» թատրերգութիւնը` վեցերորդ եւ մանկապարտէզի աշակերտներու դերակատարութեամբ:
Մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին ուրախ պարը` հեքիաթներու տիպարներով, ինչպէս նաեւ` ալայլուխի, կրիաներու, արագիլներու, մուկերու պարերը գունագեղ տարազներով եւ մանկական անմեղ ժպիտով ուրախութիւն տարածելով ներկաներուն սրտին մէջ: Մանկապարտէզի երգչախումբը ներկայացուց «Ժպիտ» եւ «Մէկ, երկու, երեք, չորս» երգերը` ղեկավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի:
Խմբային արտասանութեամբ հանդէս եկան աւարտական դասարանի շրջանաւարտները` հայ գիրքի եւ հայ լեզուի նուիրուած ասմունքներով: «Հայրենիք», «Արեւաշող Հայաստան» եւ «Վերջին զանգ» խմբերգները կատարեց նախակրթարանի երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի:
Շրջանաւարտներուն անունով ուղերձ կարդաց վեցերորդ դասարանի աշակերտ Նաթալի Տեկիրմենճեանը: Ան յայտնեց, թէ վարժարանէն բաժանումը ֆիզիքական է եւ ուրիշ վարժարան յաճախելով` պիտի չմոռնայ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը: Ն. Տեկիրմենճեան իր ընկերներուն անունով խոստացաւ բարձր պահել Ա. Գասարճեանին անունը եւ պատուաբեր արդիւնքներով քալել դէպի ապագայ: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին:
Վկայականաց բաշխումէն առաջ վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան ներկայացուց տնօրէնութեան խօսքը: Ան յայտնեց, թէ շրջանաւարտները պիտի հեռանան մեծածաւալ յիշատակներով եւ փոքր վկայականներով` ամրացուած որոշ գիտելիքներով: Անոնք պիտի առաջնորդուին հայեցի կնիքով:
Ա. Աղասարգիսեան նշեց, թէ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակը կը ցոլացնէ տքնաջան աշխատանքը բազմավաստակ ուսուցիչներու, անոնց կամքը, կորովը եւ հաւատքը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին յայտարարած Հայ գիրքի տարուան մասին անդրադառնալով` ըսաւ, թէ դպրոցը գիրք է եւ գիրքը` դպրոց: Ա. Գասարճեան վարժարանը մանուկները իր սեմին հաւաքելով պայծառացուց զանոնք, ազգային դաստիարակութեան տեսլականը դրոշմեց անոնց հոգիներուն մէջ, պայքարեցաւ եւ տոկաց, սակայն իւրաքանչիւր հանգրուանի պայքարը տարբեր դիմագիծ ստացաւ: Ա. Աղասարգիսեան եզրափակեց` ըսելով, թէ վարժարանը կը պայքարի օտարամոլութեան եւ նիւթական տագնապի դէմ: Աշխատանքը կանգ չ՛առներ, որովհետեւ գոյութիւն ունին վարժարանին առաքելութեան հաւատացող եւ մտածող ազգային կառոյցներն ու բարերարները:
2011-2012 կրթական տարեշրջանին «Աքսոր Գասարճեան կրթական ֆոնտ»-ը յատկացուեցաւ Նաթալի Տեկիրմենճեանին եւ Ժիրայր Փաշայեանին, որոնք միջնակարգ ուսումը պիտի շարունակեն ազգային վարժարանի մը մէջ:
Տնօրէնութեան խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի վկայականաց բաշխումը` ձեռամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, մանկապարտիզպանուհի Անի Մալճեան-Կէօքկէօզեանի եւ տնօրէնուհի Արեգնազ Աղասարգիսեանի:
Աւարտին օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան ըսաւ, թէ հայ դպրոցին աշխատանքը սերունդներու պահպանման աշխատանք է: Նախակրթարանի ուսումը սկիզբն է երկրորդական ուսման, եւ երկուքը միասին կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն: Ազգային վարժարանի գոյատեւումը կ՛երաշխաւորէ ազգային կրթութեան շարունակութիւնը: Օտար վարժարան յաճախել` կը նշանակէ վարժեցնել անտարբերութեան: Բայց ազգային վարժարանի մէջ ջամբուած դաստիարակութեամբ անտարբերութիւնը կը հեռանայ: Սրբազան հայրը գնահատեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակները ճիշդ ձեւով դաստիարակած են: Ան ըսաւ, որ վերջին 10 տարիներու ընթացքին վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան շնորհալի աշխատանք կը տանի: Ան ըսաւ, թէ վարժարանը լաւ ձեռքերու մէջ է` շնորհիւ տնօրէնին անձնուէր աշխատանքին:
Առաջնորդ սրբազանը նշեց նաեւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երանաշնորհ Խորէն Ա. վեհափառը Աքսոր Գասարճեանը որակեց ազգային բարերար: Ան յայտնեց, թէ հանգուցեալ Աքսոր Գասարճեանը կաթողիկոսական կոնդակէն ետք շարունակեց գործը: Իսկ ներկայիս Ա. Գասարճեանի զաւակները կը շարունակեն իրենց հօր գործը:
Գեղամ արք. Խաչերեան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ, թէ Աքսոր Գասարճեանով սկսաք, բայց անոր վրայ ուրիշը պիտի գայ եւ ձեր դաստիարակութեան հաւատարիմ պիտի մնաք: Ան կոչ ուղղեց շարունակելու իրենց ուսումը ազգային վարժարանի մէջ:
Մանկապարտէզէն վկայուեցան հետեւեալները.-
Էլիաս Տիլենեան, Էլիաս Տըհնէ, Էտի Խաչօ, Ժորժ Էլիօ Խուրի, Ճէյսըն Մարգարեան, Վագօ Մազագեան, Գէորգ Գլաֆեան, Հայկ Յակոբեան, Սելլա Քէշիշեան, Քաթրինա Աւետիսեան, Քլարիթա Չիչեան, Մարիա Տեկիրմենճեան եւ Մարիա Խաչատուրեան:
Նախակրթարանէն վկայուեցան հետեւեալները.-
Փաթրիք Գէորգ, Ժիրայր Փաշայեան, Տիրան Շատոյեան, Շանթ Սարգիսեան, Գէորգ Խաչատուրեան, Յակոբ Գազանճեան, Փաթիլ Աւետիսեան, Ռիթա Թենեքեճեան, Ռիթա Գէորգ, Լոռի Սանոսեան, Մարիա Չիչեան, Մելիսա Յակոբեան եւ Նաթալի Տեկիրմենճեան:

