Թուրքիոյ Ուժանիւթային Ծրագիրները Իրաքի Քրտական Շրջանին Մէջ

Չաղլայան Իրպիլի մէջ

Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Զաֆեր Ջաղլայան Իրպիլ այցելեց յունիս 8-ին` ստորագրելու համար համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ թրքական ընկերութիւն մը հիւսիսային Իրաքի ինքնավար քրտական շրջանին մէջ պիտի կառուցէ ելեկտրական կայան մը: Այս ծրագիրը մէկ մասն է հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանային կառավարութեան (ՔՇԿ) տարածքէն ներս ուժանիւթային ենթակառոյցը զարգացնելու եւ ընդարձակելու թրքական աշխատանքները: Անգարա այս ճիգերուն նոր թափ տուաւ այն պահուն, երբ սկսաւ սրիլ ՔՇԿ-ի եւ Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան միջեւ բանավէճը, թէ ո՞վ եւ որքանո՞վ պիտի հակակշռէ երկրի ուժանիւթային հարստութիւնները:

Թուրքիա կը կարծէ, որ ուժանիւթային ենթակառոյց կառուցելու գնով ՔՇԿ-ի գործընկերը դառնալով` ինք միաժամանակ կրնայ լուծել իր արտաքին քաղաքականութեան բազմաթիւ հարցերը: Առաջին հերթին, Անգարա կը կարծէ, որ ՔՇԿ-ի նկատմամբ տնտեսական եւ քաղաքական լծակներ ձեռք ձգելով` ինք կրնայ շրջանային կառավարութիւնը մղել, որ սանձէ հիւսիսային Իրաքի եւ Թուրքիոյ մէջ քրտական զինեալ ապստամբութիւնը: Ըստ Անգարայի, ՔՇԿ-ի հետ սերտ կապերը կ՛ամրապնդեն Իրաքի եւ շրջանին մէջ իրանեան ազդեցութեան դէմ պաշտպանութիւնը: Նոյն առիթով Թուրքիա նուազ կախեալ պիտի ըլլայ Ռուսիոյ եւ Իրանի բնական կազի մատակարարումէն, եւ իր կարգին պիտի դառնայ ուժանիւթի շրջանային կեդրոն մը:

Եըլտըզ Իրպիլ իր այցելութեան ընթացքին

Բայց աւելի քան հաւանական է, որ Իրան օգտագործէ Իրաքի մէջ իր պատկառելի հեղինակութիւնը` ձախողութեան մատնելու համար Թուրքիոյ ծրագիրները: Ասոր կողքին, քիւրտ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ ուժանիւթային ենթակառոյցին վրայ հաւանական յարձակումները թրքական ներդրումներուն սպառնացող մնայուն վտանգ պիտի ըլլան:

* * *

Հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանային կառավարութիւնը 18 մայիսին յայտարարեց, որ որոշում տուած է յառաջ տանելու իր ենթակառոյցի ծրագիրին ամէնէն յանդուգն ու դժուար բաժինը` թրքական օգնութեամբ կառուցելու քարիւղի փոխադրութեան ներքին ցանց մը, գումակային, ֆինանսաւորումի, ճշդուած ուղիին եւ խողովակաշարերու անվտանգութեան վերաբերեալ ոչինչ յայտարարուեցաւ: Տարաձայնուեցաւ, որ Անգարա ծրագիրի իրականացման պայմանագիրը շնորհած է «Չալըք Էներժի» ընկերութեան, որ յայտնի է վարչապետ Էրտողանի հետ իր սերտ կապերով: Անգարայի գործնական քայլերը հաստատեց Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ, մայիս 20-ին Իրպիլի մէջ կատարած իր յայտարարութեամբ:

Քարիւղի մթերանոցի ծրագիր

Թրքական ծրագիրը կը նախատեսէ բազմաթիւ հանգրուաններ: Առաջին հանգրուանին պիտի կառուցուի խողովակաշար մը, որ հիւսիսային Թաք Թաք քարիւղի դաշտը պիտի կապէ քարիւղի վիթխարի մթերանոցի մը` միաժամանակ նորոգելով Քերքուք-Ճէյհան խողովակաշարին վնասուած բաժինը: Երկրորդ հանգրուանին մթերանոցը ուղղակիօրէն պիտի կապուի Քերքուք-Ճէյհան խողովակաշարին, եւ այս հանգրուանը աւարտած պէտք է ըլլայ 2013-ի կէսերուն, ըսաւ ՔՇԿ-ի ուժանիւթի նախարար Աշթի Հաումարի: Ան մերժեց հաստատել այն տեղեկութիւնները, թէ ծրագիրը կը ներառէ երրորդ հանգրուան մը, ուր ապագային Իրաքի քրտական շրջանէն քարիւղ եւ բնական կազ պիտի փոխադրուի ուղղակիօրէն դէպի Թուրքիոյ միջերկրականեան Մերսին նաւահանգիստը:

Ընդհանուր առմամբ, այս ծրագիրը քրտական շրջանի քարիւղի արտածման կարողութիւնը պիտի բարձրացնէ օրական կէս միլիոնէն մէկ միլիոն տակառի (իրողապէս շրջանը երբեք չէր կրցած օրական 300 հազար տակառէն աւելի արտածել):

Թուրքիոյ ուժանիւթային մարզը շատ կախեալ է Ռուսիայէն եւ Իրանէն ներածուող օրական 115 միլիոն խորանարդ մեթր բնական կազէն եւ 700 հազար տակառ հում քարիւղէն: Այս ծրագիրը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ Անգարայի` կրճատելու իր այդ իշխանութիւնը, մանաւանդ որ այս ցանցը Պաղտատի հակակշիռէն ալ դուրս պիտի մնայ:

Անգարայի հետ այս գործակցութիւնը հնարաւորութիւն պիտի տայ ՔՇԿ-ին` լուծելու իր ուժանիւթային տագնապը: Արդարեւ, Իրպիլ եւ Պաղտատ իրենց բանավէճին մէջ հասած են քաղաքական անելի, եւ չեն կրցած համաձայնիլ Իրաքի ուժանիւթի պահեստներուն վրայ հակակշիռի բաժնեկցութեան շուրջ: ՔՇԿ Պաղտատի հակակշիռին ենթակայ խողովակաշարներով իր արտածումը կրճատած էր օրական 150 հազար տակառ քարիւղի, բողոքելու համար իրաքեան ուժանիւթի արտադրութեան բոլոր ոլորտները հակակշռելու կեդրոնական կառավարութեան փորձերուն դէմ: Պաղտատ հակազդած էր ապրիլ 1-ին ամբողջովին փակելով քրտական շրջաններու քարիւղի հոսքը դէպի արտածման խողովակաշարեր, ապա  դադրեցուցած էր քարիւղի զտուած արտադրութիւններու (պենզին եւ այլն) յանձնումը քրտական շրջաններուն, ուր քարիւղ զտելու կառոյցները անբաւարար են` գոհացնելու ներքին շուկայի կարիքները: Քիւրտերը այնուհետեւ դիմեցին մաքսանենգումի` հում նիւթ փոխադրելով Թուրքիա եւ հոնկէ բերելով զտուած քարիւղային արտադրութիւնները: Թուրքիոյ հետ գործընկերութեան շրջագիծին մէջ, Անգարա յանձն առաւ օգնել, որ քիւրտերը զարգացնեն քարիւղ զտելու իրենց կարողութիւնները, որուն շնորհիւ անոնք պիտի շրջանցեն Պաղտատի արգելքները:

Իրպիլ–Պաղտատ Անհամաձայնութեան
Հետեւանքները

Թաք Թաքի դաշտը

Քրտական շրջանային կառավարութեան ուժանիւթային մարզին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան ընդարձակումը քիւրտերուն  նոր խաղաքարտեր եւ լծակներ պիտի շնորհէ Պաղտատի դէմ: Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի դիմաց ՔՇԿ-ի դիրքը տկար է, որովհետեւ վերջինիս քարիւղ արտածելու ենթակառոյցը տկար է, ուստի չի կրնար դիւրութեամբ արտաքին ներդրումներ ապահովել, որպէսզի օգտուի իր ուժանիւթային պահեստներէն: Ուրեմն ՔՇԿ կախեալ է Պաղտատէն եկող քարիւղային հասոյթներէն: Մայրաքաղաքին բաժնած հասոյթները ՔՇԿ-ի հասոյթներուն 95 առ հարիւրը կը կազմեն: Իրաքի քրտաբնակ շրջանին մէջ Անգարայի այս գործունէութիւնը ոչ միայն պիտի լուծէ այս հարցը, այլ նաեւ պիտի քաջալերէ միջազգային քարիւղային ընկերութիւններ, որպէսզի ներդրումներ կատարեն իրաքեան քարիւղի հիւսիսային դաշտերուն, եւ ոչ միայն հարաւային շրջաններուն մէջ: Պաղտատի չափազանցուած դիւանակալական արգելքներն ու պայմանագրերուն մէջ պարտադրած խիստ պայմանները արդէն «պաղեցուցած» են հարաւային դաշտերուն արդիւնաբերութիւնը զարգացնելու քարիւղային ընկերութիւններու խանդավառութիւնը. «Էքսոն մոպիլ», «Սթաթօյլ», «Թոթալ» արդէն արտայայտած են հիւսիսի մէջ իրաքցի քիւրտերուն հետ աշխատելու իրենց նախընտրութիւնը: Քարիւղի հարաւային դաշտերուն համար պայմանագրերու վերջին աճուրդին համար Պաղտատ այնպիսի պահանջներ դրաւ, որ արեւմտեան ընկերութիւնները չմասնակցեցան աճուրդին:

ՔՇԿ–ի Հետ Թուրքիոյ
Զարգացող
Յարաբերութիւնը

Էրտողան Չալըքի հետ

Քրտաբնակ շրջանի կառավարութեան հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները մէկ երեսն են շրջանային ղեկավարի դիրքը նուաճելու անոր ջանքերուն, բայց աւելի յառաջանալէ առաջ Անգարա պարտի նախ լուծել իր սահմաններէն ներս ապրող քիւրտերուն հարցը:

1984-էն ի վեր Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան մղած զինեալ ապստամբութիւնը կը մնայ Թուրքիոյ դիմագրաւած գլխաւոր ներքին հարցը: ՔԱԿ կը պահանջէ քրտական ինքնավարութիւն եւ կամ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերուն իրաւունքներու եւ քաղաքական իրաւունքներու ճանաչումը: Վերջերս Էրտողան ընդդիմութեան գլխաւոր կուսակցութեան ղեկավարին հետ խօսեցաւ քրտական հարցը քննարկելու միացեալ յանձնախումբի մը ստեղծումին մասին:

Քրտաբնակ են հարաւարեւելեան Թուրքիոյ, հիւսիսային Իրաքի, հիւսիսարեւմտեան Իրանի եւ հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ բազմաթիւ շրջաններ, որոնք սահմանակից են իրարու: Ասոր համար Անգարա զգուշ է եւ չ՛ուզեր ուժանիւթի ոլորտին մէջ աւելորդ գործակցութեամբ մեծ ուժ շնորհել Իրաքի կէս ինքնավար քրտական շրջանին: Թուրքիոյ համար շատ նպաստաւոր է հիւսիսային Իրաքի քիւրտերուն կէս ինքնավարութիւնը. բայց եթէ անիկա զարգանայ, ապա կրնայ ներշնչումի աղբիւր կամ յենարան դառնալ Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Իրանի մէջ քիւրտ անջատողական խմբակներուն: Այս մտահոգութիւններով Թուրքիա կ՛աշխատի հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել եւ Իրաքի քիւրտերուն հետ սերտացումի կը ձգտի, բայց այնպիսի ձեւով, որ շրջանին եւ Իրաքի ամբողջութեան հետ իր յարաբերութիւնները չի վտանգեր, ան պէտք ունի Իրաքին` անոր վրայով ապագային դէպի Ծոց իր ազդեցութիւնը տարածելու համար:

Թուրքիոյ Շրջանային Նկրտումները

Քերքուք-Ճէյհան խողովակաշարը…

Հիւսիսային Իրաքի մէջ իր ներդրումներուն անվտանգութեան համար Թուրքիա կարիքը ունի Իրաքի սիւննիներու նեցուկին եւ գործակցութեան. ասոնք կը բաժնեն Թուրքիոյ մտահոգութիւնները` Իրանի նեցուկով Իրաքի շիիներու քաղաքական ազդեցութենէն: Անգարա անընդհատ կ՛աշխատի Իրաքի սիւննիներուն ապացուցելու, որ ՔՇԿ-ի մէջ իր ներդրումները օգտակար են այս ուղղութեամբ եւ ո՛չ` յաւելեալ սպառնալիք: Անցեալին Իրաքի սիւննիներուն հետ դաշնակցելու թրքական փորձերը խառն արդիւնքներ տուին, եւ յստակ չէ անոնց հանգանակին դրական կամ ժխտական ըլլալը:

Այս պարագային քիւրտերու ելեկտրական ոլորտին մէջ թրքական ներդրումները անոնց արտադրութեան կարողութիւնը մէկ տարիէն պիտի բարձրացնէ 450 մեկաուաթէն երկու հազար մեկաուաթի: Ասիկա պիտի մեղմացնէ մանաւանդ սիւննիներու շրջաններուն մէջ հոսանքի երկարատեւ ընդհատումները, մանաւանդ որ այդ շրջանները Պաղտատի ելեկտրական ցանցին չեն միացած:

… որ յաճախակի յարձակումներու թիրախ է

Անգարա նաեւ կ՛աշխատի դառնալու Միջերկրականի համար ուժանիւթի փոխադրութեան գլխաւոր առանցքը. այս նպատակին հասնելու համար ան կարիքը ունի իրմէ կախեալ (իրաքեան) քրտական գոյացութեան մը, որ կայուն ձեւով իրեն կը տրամադրէ բնական կազ, որպէսզի ինք այդ ուժանիւթը փոխադրէ Եւրոպա:

Այսպիսի բեմագրութիւն մը նաեւ նոր կեանք պիտի տայ «Արեւմտեան Նապուքօ» խողովակաշարին նկատմամբ ներդրողներու վստահութեան եւ անոր միջոցով Կովկասի բնական կազը նոյնպէս` Թուրքիոյ միջոցով, պիտի հասնի կեդրոնական Եւրոպա:

Հաւանական Խոչընդոտները

Այնուհանդերձ, Թուրքիոյ ծրագիրներուն գործադրութիւնը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ խոչընդոտներ եւ դժուարութիւններ: Օրինակի համար, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ ՔԱԿ-ի ամէնէն յաճախակի ձեւով գործածուած մարտավարութիւնը եղած է քարիւղի եւ բնական կազի խողովակաշարերու վրայ յարձակումը: Ուրեմն քրտական շրջանային կառավարութեան տարածքէն ներս Թուրքիոյ ներդրումները առաջնակարգ թիրախներ կրնան դառնալ ՔԱԿ-ի, որ հաւանաբար խողովակաշարերուն պիտի սպառնայ Անգարայէն զիջումներ ստանալու համար: Խողովակաշարերուն վրայ ամէնէն թեթեւ եւ պարզ յարձակումն իսկ բաւարար է վերջ դնելու հիւսիսային Իրաքի մէջ օտար ներդրումներու աճի նախապայմաններուն. այսինքն` նախ ապահովական իմաստով կայուն միջավայր, ապա` վստահելի ենթակառոյց: Թուրքիա ստիպուած պիտի ապաւինի քրտական իշխանութեան մէջ իր գործընկերներուն եւ անոնց փեշմերկաներուն, որպէսզի կանխարգիլուին յարձակումները եւ տարհամոզուին զանոնք ծրագրող անջատողականները եւ երաշխաւորուի խողովակաշարերու անվտանգութիւնը:

Ասոր կողքին, հաստատ է, որ Իրան ձեռնածալ պիտի չմնայ եւ ամէն ճիգ պիտի ընէ Թուրքիոյ հակառակ ուղղութեամբ, մանաւանդ եթէ Անգարա փորձէ (եւ արդէն կը փորձէ) իր ազդեցութեան գօտին տարածել հիւսիսայինէն դէպի կեդրոնական Իրաք: Իրան մեծ ազդեցութիւն ունի Իրաքի շիի մեծամասնութեան վրայ: Թէեւ Անգարա ցարդ իր անմիջական նկրտումները սահմանափակած է հիւսիսային քրտական շրջաններով, բայց Իրան արդէն կը տեսնէ կեդրոնական սիւննի շրջաններուն մէջ ազդեցութիւն ձեռք ձգելու թրքական փորձերը: Թեհրան քաջ գիտէ, թէ որեւէ իրաքեան շրջանի մէջ թրքական ներկայութիւնը անմիջական սպառնալիք է ի՛ր ազդեցութեան եւ կը հարուածէ շրջանային ուժի իր հանգամանքը:

«ՍԹՐԱԹՖՈՐ»

 

Share this Article
CATEGORIES