Պոփ Նշանակուեցաւ Մարսէյի Մարզիչ

Էլի Պոփ

Մարսէյի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Էլի Պոփ նշանակուեցաւ ֆութպոլի խումբի նոր մարզիչ` երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով ակումբին տոմարներուն վրայ:

57 տարեկան Պոփ, որ 1998-էն 2003 եղած է Պորտոյի մարզիչը, 1999-ին իր կազմին հետ հանդիսացած է Ֆրանսայի ախոյեան:

Ապա ան ֆրանսական այլ ակումբներու` Սենթ Էթիենի, Թուլուզի եւ Նանթի մարզիչը եղած է Բ. դասակարգին մէջ:

Նշենք, որ ան փոխարինեց Տիտիէ Տեշանը, որ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին լքեց իր կազմը` իր պայմանագրութեան աւարտէն մէկ տարի առաջ:

2011-2012 տարեշրջանին, Մարսէյ ոչ այդքան տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 10-րդ դիրքը:

 

Share this Article
CATEGORIES