Քուէյթեան Ընտանիք Մը Կ՛ուզէ Գնել Նոթինկհամ Ֆորեսթը
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ քուէյթեան ընտանիք մը կ՛ուզէ գնել երկու անգամ Եւրոպայի բաժակակիր հանդիսացած Նոթինկհամ Ֆորեսթը:
Ֆաուազ Ապտիւլ Ազիզ եւ Օմար Հասաուի միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ այժմ բանակցութիւններ կը կատարեն Անգլիոյ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մաս կազմող ակումբին հետ, որուն գլխաւոր բաժնետէրը` 54 տարեկան Նայճըլ Տաուֆթի, նախորդ փետրուարին մահացաւ:
1980-ականներուն իր փառքի օրերուն մէջ գտնուած Ֆորեսթ, վերջին տասնամեակներուն բաւական նեղ օրերու մատնուած ըլլալով, 1999-էն ի վեր չէ յաջողած բարձրանալ բարձրագոյն դասակարգ:
Եւրոպայի նախկին ախոյեան Ֆորեսթը գնել ուզողները կ՛ըսեն, որ իրենց առաջնահերթ նպատակն է խումբին վերադարձնել անոր անցեալի փառքի օրերը:
CATEGORIES Մարզական

