Թենիս. Ուիմպըլտընի Կրան Շլեմ-ի Միջազգային Բաց Մրցաշարք. Սերենա Ուիլիըմզ 7-րդ Անգամ Ըլլալով Հասաւ Աւարտական Հանգրուան

Սերենա Ուիլիըմզ

Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան աղջկանց կիսաւարտականի մրցումները, որոնց ընթացքին յստակացան աւարտականին իրենց տոմսերը ապահովողներուն անունները:

Ակնիեսցքա Ռատուանսքա

6-րդ դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ յաջողեցաւ 7-րդ անգամ ըլլալով (այս մրցաշարքին գծով) ապահովել աւարտականի իր տոմսը` իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ: 13 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած Սերենա Ուիլիըմզ 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց 2-րդ դասուած Վիքթորիա Ազարենքայի (Պիելոռուսիա):

Աւարտականին ամերիկացին իր դէմ պիտի ունենայ 3-րդ դասուած Ակնիեսցքա Ռատուանսքան (Լեհաստան), որ 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց 8-րդ դասուած գերմանացի Անճելիք Քերպըրի:

23 տարեկան Ռատուանսքայի արձանագրած այս յաղթանակը նկատուեցաւ բաւական կարեւոր` նկատի ունենալով, որ ան հանդիսացաւ առաջին թենիսվումընը, որ 1939-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:

 

Share this Article
CATEGORIES