Վան Փերսի Չ՛ուզեր Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգել Արսենալի Հետ

Ռոպին Վան Փերսի

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արսենալի մաս կազմող Հոլանտայի միջազգային յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսի չ՛ուզեր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել, որովհետեւ ուրախ չէ լոնտոնեան կազմին հետ:

2004-ին Արսենալի միացած Վան Փերսիի պայմանագրութեան աւարտին մնացած էր մէկ տարի եւս:

28 տարեկան Վան Փերսի, որ Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամէն Արսենալի միանալէն ետք (2004) իր կազմին հետ կատարեց աւելի քան 250 մրցում, ըսաւ, որ այս եզրակացութեան յանգեցաւ հանդիպում ունենալէ ետք ակումբի մարզիչ Արսէն Վենկերի եւ թեքնիք տնօրէն Իվան Կազիտիսի հետ:

Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Արսենալի հետ 37 կոլ նշանակած Վան Փերսի այժմ երկու շաբթուան արձակուրդով մեկնած է Միացեալ Նահանգներ:

Share this Article
CATEGORIES