Թուր Տը Ֆրանս. Անտրէ Կրէյփելի Երկրորդ Յաջորդական Յաղթանակը. Ֆապիան Քանսելլարա Իր Մօտ Կը Պահէ Դեղին Շապիկը

Ֆապիան Քանսելլարա

Երէկ` հինգշաբթի, 5 յուլիսին տեղի ունեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումը` Ռուէնէն Սենթ Քուէնթէն (196,5 քմ):

Գերմանացի Անտրէ Կրէյփել (Լոթթօ Պելիսոլ), որ օր մը առաջ շահած էր 4-րդ հանգրուանի մրցումը, երէկ արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` այս անգամ արձանագրելով 4 ժամ 41′ 30″ արդիւնք մը: Անոր ետին նոյն արդիւնքը արձանագրելով` յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերն գրաւեցին աւստրալիացի Մեթիու Հարլի Կոսս (Օրիքա – Կրին Էճ) եւ արժանթինցի Խուան Խոսէ Հայետօ (Սաքսօ Պանք – Թինքոֆ Պանք):

Անգամ մը եւս ժամանման գիծէն երեք քիլոմեթր առաջ հեծելանւորդներուն միջեւ տեղի ունեցաւ զօրաւոր բախում մը, որուն ընթացքին փելոթոնին մէջ կանաչ շապիկը իր մօտ պահող Փիթըր Սական (լիքուիկազ) եւ ամերիկացի սփրինթըր Թայլըր Ֆարրար (Կարմին-Շարփ) արկածներ ունեցան:

Անտրէ Կրէյփել

Զուիցերիացի Ֆապիան Քանսելլարա (Ռատիօ Շէյք-Նիսսան) ապահով հասնելով ժամանման գիծ, իր մօտ պահեց դեղին շապիկը (24 ժամ 45′ 32″):

Ընդհանուր դասաւորման մէջ ան կը գերազանցէ անգլիացի Պրետլի Ուիկինզը (Թիմ Սքայ) եւ ֆրանսացի Սիլվեն Շանավելը (Օմեկա Ֆարմա-Քուիք Սթեփ), որոնք յաջորդաբար կը գրաւեն երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը` 7″ ուշացումով ետ մնալով զուիցերիացիէն:

Կանաչ կէտերու դասաւորման մէջ այժմ պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի սլովաք երիտասարդ հեծելանւորդ Փիթըր Սական (Լիքուիկազ), որ ապահոված է 155 կէտ: Անոր ետին կը գտնուի Կոս` 137 կէտով, իսկ երրորդ դիրքը 132 կէտով կը գրաւէ Կրէյփել:

Լեռնային դասաւորման մէջ Միքայէլ Մորքով ապահոված է 9 կէտ, մինչ անոր ետին 2 կէտով յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Իվան Պասսօ եւ Փիթըր Սական:

Վերջապէս, խումբերու դասաւորման մէջ առաջին դիրքին վրայ  Սքայ Փրոսայքլինկ 14 ժամ 4′ 30″, երկրորդ դիրքին վրայ` Էուսքալթել-Էուսքատի (նոյնը), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Ասթանա Փրո-Թիմ (նոյնը):

 

Share this Article
CATEGORIES