Կապալայի Ռատարի Կայանին Վերաբերեալ Տակաւին Ռուս-Ազրպէյճանական Համաձայնութիւնը Չէ Գոյացած
Ռուսական «ՌԻԱ նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ դաշնակցային ծառայութեան ռազմաճարտարագիտական համագործակցութեան փոխտնօրէն Քոնսթանթին Պիրիւլին յայտարարած է, որ Կապալայի ռատարի կայանի վարձակալութեան ժամկէտի երկարաձգման վերաբերեալ ռուս-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն ընթացքին տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած:
Ան նշած է, որ բանակցութիւններուն արդիւնքը նախատեսելը բարդ է, սակայն բանակցութիւնները ձախողած նկատելը տակաւին կանուխ է:
«Պէտք է համաձայնութեան հասնելու ուղիներ փնտռել: Համաձայնութեան հասնիլը միշտ ալ կարելի է: Խնդիրը այն է, որ արդեօք այս կամ այն կողմը պատրա՞ստ է որեւէ փոխզիջումի, որուն հետ միւս կողմը նոյնպէս համաձայն պիտի ըլլայ», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Կապալայի կայանը կառուցուած է Խորհրդային Միութեան շրջանին` իբրեւ երկրի հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի կարեւորագոյն բաղադրիչ:


