Գործադուլի Պատճառով Ֆրանսացիները Մնացած Են Առանց Թերթերու
Ռուսական Lenta.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ երէկ Ֆրանսայի մէջ տպագրութեան մարզի աշխատակիցները կատարած են գործադուլ մը, որուն պատճառով Ֆրանսայի բազմաթիւ թերթեր լոյս չեն տեսած:
Կայքէջը կը հաղորդէ, որ ֆրանսական մամուլը գտած է իրավիճակէն դուրս գալու լաւագոյն, սակայն վնասաբեր ելքը` օրաթերթերը իրենց հերթական թիւը «փի.տի.էֆ» տարբերակով տեղադրած են համացանցի վրայ` ձրի:
Համաշխարհային հրատարակչական ընկերակցութեան պլոկին մէջ կը նշուի, որ գործադուլի պատճառը հրատարակչատուներու աշխատակիցներու զանգուածային գործէ արձակումն է: Օրինակ` մեծ «Հերսանթ» հրատարակչատունէն գործէ արձակուած են 670 աշխատակիցներ, իսկ մամլոյ տարածումով զբաղող «Փրեսսթայլ» ընկերութեան մէջ` շուրջ հազար աշխատակիցներ:
Հրատարակչատուներու աշխատակիցները կառավարութենէն կը պահանջեն միջամտել ստեղծուած իրավիճակին:
Սակայն Ամենամեայ մամուլի ազգային միութիւնը դատապարտած է գործադուլը: Միութիւնը նշած է, որ տպագիր լրատուամիջոցները այսպիսով յայտնուած են հրատարակչատուներու պատանդի կարգավիճակին մէջ` աւելցնելով, որ գործադուլը միայն կ՛ապակայունացնէ մարզի աշխատանքի շուկան:

