Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. Արձակագիր Արմէն Դարեան Ու Իր «Բանաւոր Խօսք»-ին Հմայքը (Նորատիպ Հրատարակութեան Մը Առիթով)

ԼԵՒՈՆ  ՇԱՌՈՅԵԱՆ 

«Մեր հացը», «Խարիսխէն հեռու», «Լեռը եւ տունը»…

Բոլոր անոնք, որոնք մօտէն հետաքրքրուեր են սփիւռքահայ գրականութեամբ, կամ բախտն ունեցեր են անձամբ ուղեկցելու 50-ական, 70-ական եւ մինչեւ 80-ական թուականներու լիբանանահայ գրականութեան եռեւեփող գնացքին, անմիջապէս պիտի յիշեն պատմուածքներու վերոնշեալ հատորներն ու անոնց բարեհամբոյր հեղինակը` ԱՐՄԷՆ ԴԱՐԵԱՆԸ:

Դարեանի մահէն անցեր է արդէն լման 22 տարի:

1990-ի յունուարին, իր գրական-ստեղծագործական լիութեանը մէջ, Դարեան 68 տարեկանին հրաժեշտ կ՛առնէր մեզմէ` իր ետին ձգելով հանրային մշակութանուէր գործունէութեան ծանր վաստակ մը ու գրական բերրի հունձք մը:

Բուն անունով` Ալֆոնս Ադդարեան, Արմէն իր աչքերը լոյսին բացեր էր Տիգրանակերտի մէջ, պատմական այս քաղաքին վերջնական հայաթափումի օրերուն` 1922-ին, իբրեւ շառաւիղը կեդրոնական Անատոլուի Եոզկաթ քաղաքէն բռնագաղթած հայ ընտանիքի մը: Շուտով փոխադրուեր էր Հալէպ, ուր ստացեր էր իր նախակրթութիւնը Յիսուսեան հայրերու դպրոցը, ապա 1937-ին մեկներ էր Վենետիկ` սան դառնալու համար համբաւաւոր Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին: Դժբախտաբար, սակայն, Բ. Աշխարհամարտի բռնկումը խափաներ էր իր երազը ու ան Սուրիա վերադարձեր էր թերաւարտ:

1942-ին Ադդարեանները ընտանեօք կը փոխադրուէին Լիբանան: Այստե՛ղ է, որ Ալֆոնս պիտի կատարէր իր գրական առաջին տարտամ  փորձերը, նախ` ոտանաւորներ ստորագրելով, յետոյ` աւելի հաստատուն քայլեր առնելով արձակագրութեան մէջ: Այսպէս է որ, ան իր կրտսեր եղբօր` բանաստեղծ եւ հրապարակագիր Գառնիկ Ադդարեանի (1925-1986) հետ միասին ուշագրաւ տեղ մը պիտի գրաւէր լիբանանահայոց գրական ու մշակութային առօրեային մէջ, ոչ միայն իբրեւ վարպետ արձակագիր, այլեւ` իբրեւ մամլոյ աշխատակից, խմբագիր, հմուտ թարգմանիչ, գրահրատարակիչ կամ գրական ձեռնարկներու փնտռուած բեմախօս:

Մտաւորական մարդու իր դիմագծութեան մէջ այս վերջին կէտը առանձինն արդէն կը դրսեւորէ ոչ արհամարհելի վաստակ մը:

Վերջերս (2012 թ.), Պէյրութի մէջ հրատարակուած գեղաճաշակ հատոր մը լաւագոյն վկայութիւնը եղաւ ատոր:

Նորատիպ հատորը կը կոչուի «Մատեան բանաւոր խօսքի»:

Թերեւս անկարեւոր պիտի չըլլար յիշեցնել, թէ Ա. Դարեանի յետմահու հրատարակուած առաջին գործը չէ այս: Հեղինակին անժամանակ շիջումէն անմիջապէս յետոյ իր մտերիմ գրչեղբայրները ձեռնարկած էին կողքի տակ մԷկտեղել անոր ցիրուցան գործերը ու առ այդ` յաջողեր էին Պէյրութի մէջ լոյսին բերել երեք հատորներ. «Երկու եղանակ» (վիպակներ, 1991), «Նախագահին կօշիկները» (անաւարտ վէպ, 1991) եւ «Զաւակի մը համար» (հատընտիր պատմուածքներու, 1995):

Ու հիմա` չորրորդ բախտաւոր հատոր մըն ալ:

Պէյրութի «ՍԻՓԱՆ» հրատարակչատան հոգածութեամբ պատրաստուած նորատիպ մատեանին  մեկենասութիւնն ազնուօրէն ստանձնած է «Կարպիս Լ. Նազարեան հիմնադրամ»-ը, ատով` 16-ի բարձրացնելով իր հրատարակած հատորներուն թիւը: Ազնուազարմ լիբանանահայու մը` ծերունազարդ (ու… դարահասակ) Կարպիս Նազարեանին կողմէ 1997-ին կեանքի կոչուած այս հրատարակչական հիմնադրամին շնորհիւ մեր գրադարաններուն մէջ ունեցանք ընտիր հատորներու արժէքաւոր ու բարձրորակ շարք մը, ուրկէ մեզի կը ժպտին բանաստեղծ Խրախունին, Համաստեղն ու Շահան Շահնուրը (նամականի), Թէքէեանն ու Լեւոն Զ. Սիւրմէլեանը (փոխանակուած նամակներ), Լեւոն Վարդանն ու Պէպօ Սիմոնեանը (պատմագրական ու գրական նիւթեր), պատմաբան Զաւէն Մսըրլեանն ու Յարութիւն Իսկահատեանը (Հայկ. հարց եւ Ցեղասպանութիւն), Հայաստանէն` հայագէտ փրոֆ. Մօրուս Հասրաթեանը (յուշագրական էջեր), Եդուարդ Լ. Մելքոնեանը («ՀԲԸՄ-ի պատմութիւն») եւ այլն:

Արմէն Դարեանի անունով հրատարակուած ներկայ ժողովածուն առհասարակ կը կրէ գրավերլուծական բնոյթ: Հատորին մարմին տուող նիւթերը սակայն, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, գրի առնուած են իբրեւ դասախօսական ելոյթներ` գրական-յոբելենական ձեռնարկներու բեմերէն արտասանուելու համար: Եւ հոսկէ ալ` հատորին խորագիրը` «Մատեան բանաւոր խօսքի»:

344 էջանի այս մատեանը ինքնին ապացոյց մըն է, թէ Արմէն Դարեան մտաւորականը իր զուտ գրական աշխատանքներուն զուգահեռ, որքա՜ն շունչ վատներ է մշակութանուէր գործերու համար, պարբերաբար պատրաստելով շատ խնամուած դասախօսութիւններ ու զանոնք կարդալով գրասէր բազմութիւններու առջեւ:

Հատորը կազմած, խմբագրած ու անհրաժեշտ ծանօթագրութիւններով օժտած է Դարեանի մտերիմ գրչեղբայրներէն` լիբանանահայ մատենագէտ ու գրականագէտ Ժիրայր Դանիէլեան: Ստորագրած իր յառաջաբանին մէջ ան կը յիշեցնէ, որ Դարեանի ստեղծագործութիւններէն կարեւոր տոկոս մը (անտիպ ձեռագրեր, գրախօսականներ, թարգմանութիւններ, մշակութաբանական ակնարկներ, նամակներ եւ այլն) տակաւին չէ մտած կողքի տակ, ուստի, ծրագրուած է ի մօտոյ աստիճանաբար խմբել ու հրատարակել զանո՛նք եւս:

Առայժմ, այս մատեանով, շուրջ 20 դասախօսութիւններու կամ ելոյթներու պատճէններն են որ ի մի բերուած են: Ելոյթներուն թուականները կ՛երկարին 1950-ականներէն մինչեւ 80-ականներ` վայր ունենալով գլխաւորաբար Պէյրութը, երբեմն ալ` Երեւանը, ուր հրաւիրուած է Դարեան բազմիցս, եւ ուր վերահրատարակուած են իր գործերէն ոմանք: Ընթերցողին համար իսկական հաճոյք մը պիտի ըլլայ դեգերիլ այս գրքին էջերուն մէջ, վերապրիլ անցեալին սարքուած գրական որակաւոր ձեռնարկներուն մթնոլորտը, մանաւանդ` ըմբոշխնել այն հիւթեղ հայերէնը, որ Արմէն Դարեանինն է եղած, եւ որով վերլուծեր ու արժեւորեր է ան մեր գրականութեան կարգ մը յայտնի դէմքերուն վաստակը:

Օրինակ, Դարեան 1954-ին Եղեռնի ոգեկոչումներու ծիրին մէջ դասախօսութիւն մը կարդացեր է նահատակ գրող Թլկատինցիի մասին: 1980-ին բանախօսեր է Հրաչեայ Քոչարի ծննդեան 70-ամեակին, 1983-ին` Անդրանիկ Ծառուկեանի ծննդեան 70-ամեակին, նոյն տարին` Շահան Շահնուրի ծննդեան 80-ամեակին, 1984-ին` Դանիէլ Վարուժանի ծննդեան դարադարձին, 1985-ին` բանաստեղծ Վահէ-Վահեանի ծննդեան 75-ամեակին, 1987-ին` Սիմոն Սիմոնեանի նուիրուած յուշ-երեկոյին առիթով, եւ այսպէս` շարունակաբար…

Ինչպէս կը տեսնուի, Արմէն Դարեան առիթ չէ փախցուցած մեծարելու իր երէց գրչեղբայրները` օրինակելի սրտակցութեամբ մը հանրութեան ծանօթացնելով զանոնք, համակրանքով հակելով անոնց գործերուն ու վաստակին վրայ:

Այս բանախօսութիւնները օրին արձագանգ գտեր են լիբանանահայ մամուլին մէջ, մինչ անոնց բնագիրներն ալ ընդհանրապէս լոյս տեսեր են Լիբանանահայ գրական շրջանակի պարբերաթերթերուն մէջ («Յառաջ-Գրական», «Կանչ» եւ այլն):

Բայց որպէսզի աւելի մօտէն ճանչնանք Դարեանն ու անոր գրական ըմբռնումները, եկէք` լուսարձակ բանանք այս նորատիպ գրքին գէթ կարգ մը գրութիւններուն վրայ ու հեղինակին հետ թեւանցուկ` արագ պտոյտ մը կատարենք մեր մշակոյթի պանթէոնին մէջ:

Սկսինք Թէքէեանով:

Բանաստեղծին ծննդեան 100-ամեակի օրերուն (1978) Դարեան ելոյթ մը ունեցեր է Երեւանի  Հայֆիլհարմոնիայի փոքր դահլիճին մէջ` իր ունկնդիրներուն յիշեցնելով Յակոբ Օշականի հետեւեալ նշանաւոր խօսքը. «Վարուժանով կը հպարտանանք, Դուրեանով կը տառապինք, Մեծարենցով կ՛անուշնանք, Վահան Թէքէեանով կը զգաստանանք»: Յետոյ շարունակեր է սապէս.

– Ազնիւ եւ ազնուացնող բանաստեղծն է Վահան Թէքէեան, որ խուսափելով կը խուսափի ճռճռան բառերէն, թացիկ զգայնութիւններէն, աժան ծափերէն, տալու համար առաւելագոյնը` նուազագոյնին մէջ, արուեստի այնպիսի՛ հզօրութեամբ, որով Վահան Թէքէեան ստորագրութիւնը կրող իւրաքանչիւր տող կը դառնայ կենսալի, ինչպէս` սերմի հատիկ, ու կը պայթի, կը բացուի իր ամբողջական շքեղութեամբ, երբ քերթուածին համանուագային ամբողջութիւնը կը հասնի իր աւարտին, այնուհետեւ ապրելու համար նո՛ր կեանքով, ընթերցողի հոգիէն եւ միտքէն ներս: (Էջ 44):

Դանիէլ Վարուժանի 100-ամեակի յոբելեանին առթիւ (Պէյրութ, 1984) Արմէն Դարեանի երկարաշունչ բանախօսութիւնը ներկայ հատորին մէջ բռնած է 24 էջ: Զուտ գրականագիտական, խորաթափանց ու ակադեմական ոլորտներու բարձրացող ելոյթ մըն է ասիկա, հարուստ տուեալներով յագեցած համապարփակ ու տպաւորիչ վերլուծում մը, որ ընթերցողին առջեւ կը պարզէ նահատակ քերթողին կտրած բանաստեղծական վերասլաց ուղին` անոր չորս գիրքերուն ընդմէջէն: Ըստ Դարեանի, «Վարուժան առաջի՛նն է ամբողջ հայ քերթողութեան մէջ, որ գիտակցելով ըսելիք ունենալու իր զօրութեան եւ անկաշկանդ արտայայտուելու անհրաժեշտութեան, փշրեց հայկական տաղաչափական եւ վանկային կաղապարները` տողային նո՛ր դասաւորում մը ստեղծելով»: (Էջ 65):

Մեծ է Դարեանին համակրանքը նահատակ գրող Ռուբէն Սեւակի (1885-1915) նկատմամբ ալ, մանաւանդ երբ կը կարդայ մարդոց ֆիզիքական ցաւին ու հոգեկան տառապանքին արձագանգն եղող անոր «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր»-ը: Այս գիրքը կեանքէն թելադրուած ու կեանքին նուիրուած մաղթերգ մըն է` Դարեանի համոզումով: «Հատոր մը, փոքր` իր ծաւալով, այլ մեծ` իր տարողութեամբ ու իր բերած խոստումով մանաւանդ, որովհետեւ Մոփասանի մթնոլորտէն բոյր մը, Զոլայի ընկերային աշխարհէն շունչ մը կը զգացնէ», դիպուկ պատկերներով ու դիմաքանդակներով, գլխաւոր նպատակ ունենալով` «մարդը զինել ապրելու կամքով, զինք զրահել` անբուժելի նկատուած հիւանդութիւնն անգամ յաղթահարելու վճռակամութեամբ»:

Ակնյայտ է, որ Դարեան մասնայատուկ սէր մը ունի «Նահանջ»-ի տարաբախտ հեղինակին` Շահան Շահնուրի (1903-1974) գրականութեան նկատմամբ ալ: Ան մեզի նկատել կու տայ, որ Շահնուր 30 տարեկանին արդէն առաջնակարգ ու կատարեալ պատմուածագիր էր: Ու յիշեցնելէ ետք լիբանանահայ իր գրչեղբօր` Գր. Շահինեանին մէկ բանաձեւումը, թէ` «Շահան Շահնուր պատմուածագիրը կը լեցնէ նորավիպագիր Գրիգոր Զոհրապէն ետք ստեղծուած բացը», Դարեան կը շարունակէ.

– Եթէ ան գրած չըլլար ոչինչ, բացարձակապէս ոչինչ, բայց ստորագրած ըլլար միայն մէկ պատմուածք, միմիայն մէկ պատմուածք,- «Պճեղ մը անուշ սիրտ»ը,– ատիկա բաւական պիտի ըլլար, որ Շահան Շահնուրի անունը անմահանար մեր գրականութեան մէջ եւ հայ գեղեցիկ դպրութեան ճակատը բարձր բռնէր համաշխարհային գրականութեան պատկանող պատմուածքներու ո՛րեւէ մէկ ծաղկաքաղին մէջ: (Էջ 92):

Լիբանանահայ բանաստեղծութեան անդրանիկ սերունդի տիրական մէկ դէմքն է Վահէ-Վահեան (1908-1998): 40-ական թուականներուն անոր հրատարակած «Անի» ամսագրին մէջ է, որ Արմէն Դարեան (ուրիշ սերնդակիցներու նման) առեր էր իր գրական առաջին նախաքայլերը` վայելելով խմբագրին քաջալերանքն ու խրախոյսը: Տասնամեակներ ետք (Պէյրութ, 1985), երբ Վահեանի 75-ամեակի յոբելեանին առթիւ Դարեան բեմ կը բարձրանար իբրեւ բանախօս, նախ կը յայտնէր իր երախտագիտութիւնը, յետոյ հմտալից ելոյթով մը կ՛ուրուագծէր բազմավաստակ յոբելեարին ստեղծագործական ճանապարհը: Ան կարեւորութեամբ կանգ կ՛առնէր Վահեանի «Արեւ-անձրեւ» քերթողագրքին վրայ եւ կը յիշեցնէր, որ հոն ի մի բերուած բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ հեղինակին կողմէ շարունակ նորանոր փոփոխութիւններու եւ յղկումներու ենթարկուած էին տարիներու սահանքին` նախքան անոնց հատորային մէկտեղումը: Վահէ-Վահեան, փաստօրէն, շատ բծախնդիր ու դժուարահաճ բանաստեղծ էր: Արմէն Դարեան այս յատկանշական երեւոյթին մասին կ՛արտայայտուի սա՛պէս.

– Վահէ-Վահեան բանաստեղծը կը նմանի այն վարպետ ոսկերիչին, որ ի ձեռին ունեցած իր ազնիւ մետաղը կ՛աշխատի առաւելագոյնս փայլեցնել, իւրաքանչիւր բառ, իւրաքանչիւր շեշտ եւ կէ՛տ անգամ` իր յարմարագոյն տեղը զետեղելու մտահոգութեամբ, հետեւելով ֆրանսացի դասական քննադատ-արուեստաբան Պուալոյի այն խօսքին, թէ ամէն ճշմարիտ գրող պարտի հազար ու հազար անգամ իր ստեղծագործութիւնը դնել գործասեղանին վրայ: Եւ յատկապէս այստե՛ղ, զօրաւոր է իր նմանութիւնը արեւմտահայ քերթողութեան այն մեծ վարպետին հետ, որ Վահան Թէքէեանն է, եւ որուն մասին կ՛ըսեն, թէ ան կրնար տարիով գրպանը պտտցնել քերթուած մը` միմիայն բառ մը փոխելու համար, միշտ աւելի լաւին հասնելու մտահոգութեամբ: (Էջ 131):

Եւ ահա՛ Անդրանիկ Ծառուկեանն ու իր համբաւաւոր «Նայիրի»-ն:

Այս գրութեան կցուած ծանօթագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ 1983 ապրիլին Պէյրութի Հայկազեան քոլեճի նախաձեռնութեամբ կը նշուէր «Նայիրի»-ի 40-ամեակն ու անոր խմբագրին ծննդեան 70-ամեակը: Օրուան միակ բանախօսը կ՛ըլլար Արմէն Դարեան:

24 էջանի գեղեցիկ գրութիւն մըն է այս, որուն մէջ Դարեան նախ երկարօրէն կ՛անդրադառնայ «Նայիրի»-ի բացառիկ դիմագիծին ու որակին, ազգային-հասարակական ուրոյն կողմնորոշումին, անոր վայելած ժողովրդականութեան ու ստեղծած լայն հետաքրքրութեան, որ գրեթէ եզակի կը մնայ սփիւռքեան հայ մամուլի պատմութեան մէջ: «Խստապահանջ մշակ, անոր խմբագիրը որքան ուշադիր էր թարմատի ծիլերուն, այնքան աւելի նախանձախնդիր էր Տիրոջ այգին մաքրելու մակաբոյծներէն, առանց որեւէ խտրականութեան», կը գրէ Դարեան: Յետոյ ան կը հակի Ծառուկեանի գրականութեան վրայ ու անմիջապէս կը յիշէ «Թուղթ առ Երեւան»-ը, որ 1945-էն սկսեալ վերահրատարակուած է տասը անգամ, եւ որուն մասին «քանի մը հատոր լեցնելու չափ բան գրուած է»… Չի մոռնար անշուշտ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ը, որ դասականացած գործ մըն է այլեւս, բայց նաեւ` «Հին երազներ, նոր ճամբաներ» խորագրեալ յուշագրական հատորը, որ «կը փնտռուի եւ կը կարդացուի յափշտակութեամբ` անոր հեղինակին պարզ այլեւ դիպուկ ոճին, անպաճոյճ այլ առոյգ լեզուին, նիւթին մօտեցման եւ մատուցման ձեւին շնորհիւ»:

Դարեան բանախօսեր է նաեւ Հրաչեայ Քոչարի (1910-1965) նուիրուած գրական ձեռնարկի մը (Պէյրութ, 1980), հայրենի այս գրողին ծննդեան 70-ամեակին առիթով: Ան առաւելաբար կեդրոնացեր է Քոչարի վերջին երկու ստեղծագործութիւններուն վրայ` «Մեծ տան զաւակները» եւ «Սպիտակ գիրքը»: Ասոնցմէ առաջինը, որ երկհատոր վէպ մըն է (հրատ.` 1952-1959), թատերաբեմ ունի Բ. Աշխարհամարտի ռազմաճակատները` այնտեղ կռուող բազմազգի ջոկատներու դաժան առօրեայով ու տարեգրութեամբ: Դարեան կ՛ըսէ, որ 1400 էջանի ծաւալուն այս վէպը «կրնար ըլլալ մե՛ծ ստեղծագործութիւն մը, եթէ բեռնաթափուէր զինք ծանրացնող աւելորդաբանութիւններէն»: Իսկ «Սպիտակ գիրքը» (որ Քոչարի կարապի երգն է, եւ որ կը ներառէ ժապաւէնի վերածուած նշանաւոր «Կարօտ» ու «Նահապետ» վիպակները) արդէն «շքեղ ոստում մըն է որակի եւ բովանդակութեան զոյգ մակարդակներու վրայ»: Դարեան կասկած չունի, որ հոն տեղ գտած 5 պատմուածքներէն իւրաքանչիւրը գլուխ-գործոց մըն է նիւթի, գիւտի, ոճի ու լեզուի տեսակէտէ:

Պիտի բաւարարուինք այսքանով ու կանգ առնենք հոս, ձգելով, որ այս հաճելի պտոյտին մնացեալ բաժինը ամէն ոք կատարէ առանձինն:

Դիտել տանք միայն, թէ իր ճամբուն վրայ ընթերցողը տակաւին պիտի հանդիպի Նահապետ Քուչակին, Վիքթոր Հիւկոյին, Գեղամ Սեւանին, լիբանանցի գրողներ` Մարուն Ապպուտին, Օմար  Ֆախուրիին, Ամին Ռիհանիին, Ախթալ Սաղիրին եւ այլոց:

Ամբողջ գիրքը, զոր ըմբոշխնեցինք անձանձրոյթ, մեր առջեւ կը բարձրացնէ համակրելի արձակագիր Արմէն Դարեանին հայագէտի միւս երեսը` հմուտ գրականագէտը, որ իր վերլուծումներն ու գրական արժեւորումները կը կատարէ բարձրորակ, անվրէպ ու նախանձելի հայերէնով մը: Հայերէն մը, որ այսօր սփիւռքի տարածքին գրեթէ աներեւոյթ դարձեր է, նոյնիսկ` «երէց» համարուող շատ մը գրողներու կամ հրապարակագիրներու գրչին տակ…

Նշմարեցինք նաեւ, որ Դարեանի մօտ առկայ է ԻՐԱՊԱՇՏ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ի նպաստ անշեղ կողմնորոշում մը: Ան առիթը չի փախցներ ամէն առթիւ զգացնելու իր այդ թեքումը` վարպետօրէն վկայակոչելով… մեծերը: Տանք օրինակներ:

– Դ. Վարուժան առիթով մը գրած է. «Կը կարծեմ, թէ բնութեան եւ հոգւոյն գեղեցկութիւնները մէկ կերպով ճշգրտօրէն կ՛արտայայտուին. զանոնք նկատել` ինչպէս որ են: Իրապաշտութիւնը գեղեցկութեան հասնելու ամէնէն ուղիղ գիծն է: Իրապաշտութեան մէջ պէտք է փնտռել բոլոր միւս դպրոցները, որոնք իր ստորաբաժանումներն են…»: (էջ 70)։

– Ռ. Սեւակ նամակի մը մէջ գրած է. «Ես աւելի իրապա՛շտ եմ. ամէն բանէ առաջ իրականութիւնը զիս կը գրաւէ. ամէն իրականութենէ վեր մէ՛կ իրականութիւն կը ճանչնամ ես` ապրուած, զգացուած եւ ոչ թէ երեւակայուած կեանքը»: (Էջ 76):

– Մարուն Ապպուտ շեշտած է. «Չկայ գրականութիւն կեանքէն դուրս: Իսկական գրականութիւնը ա՛յն է, որ կը պատկերէ կեանքը իր անցեալով եւ ներկայով ու կը գծէ անոր ապագան: Չապրուած բան մը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ: Չապրուած գործ մը քարացած գործ մըն է»: (Էջ 279):

– Իսկ Օմար Ֆախուրի ընդգծած է. «Ունինք բազմաթիւ գրագէտներ, որոնք գրականութիւն փորձելէ առաջ թող սորվին դիտել իրենց շրջապատը: Իսկական բանաստեղծն ու գրողը կը ներշնչուին բնութենէն եւ կեանքէն: Եթէ գոյութիւն ունի աղբիւր մը, որ չի՛ ցամքիր երբեք, եթէ կայ նիւթ մը, որ չի՛ սպառիր բնաւ, ատիկա բնութիւնն է եւ կեանքը»: (Էջ 286):    

Միով բանիւ, վայելեցինք Արմէն Դարեանի «բանաւոր (ու գրաւոր) խօսք»-ին հմայքը:

Այսուհետեւ, թերեւս համարձակինք ըսել, թէ կը ճանչնանք զինք լիապէս:

 

Հալէպ

Share this Article
CATEGORIES