Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն. Դասախօսութիւն` Արեան Գերճնշումի Մասին

տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ բժշկական միութեան, հինգշաբթի, 28 յունիս 2012-ին միութեան կեդրոնին մէջ (Մար Մըխայէլ) տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը` արեան գերճնշումին մասին:

Վարչութեան անունով տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան ողջունեց ներկաները եւ բացման խօսքով հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսը` տոքթ. Գրիգոր Էճիտեանը:

Լիբանանահայ բժշկական միութեան ատենապետ, սրտաբան տոքթ. Էճիտեան անգլերէնով ներկայացուց արեան գերճնշումին ունեցած վտանգները, յատկապէս անոր դերակատարութիւնը սրտանօթային հիւանդութիւններու հոլովոյթին մէջ` մանրամասնելով անոր հետեւանքները տարբեր օրկաններու վրայ, ինչպէս` սիրտը, ուղեղը, երիկամները եւ այլն: Ան համադրական ձեւով ներկայացուց մեծագոյն ուսումնասիրութիւնները, որոնք կատարուած են աւելի քան 56 հազար հիւանդ նկատի ունենալով, անոնց եզրակացութիւնները տարբեր եւ մանաւանդ լուրջ հիւանդութիւններու պարագային, ինչպէս` սրտի կաթուածը, սրտի գործունէութեան անբաւարարութիւնը, երիկամային ալպիւմինով դրսեւորուած վնասուածքները: Այս բոլորին պարագային, ան լուսարձակի տակ առաւ անժիոթանսին կոչուած նիւթին վնասակարութիւնը եւ զայն հակակշռելու առաւելութիւններուն մասին խօսեցաւ: Տոքթ. Էճիտեան այս գծով ամփոփեց «Վալսարթան Տիովան» դեղին վերաբերեալ արժեւորումները: Արեան գերճնշումին դարմանումին ընթացքին մասին խօսելով` ան կարեւոր նկատեց հետեւեալ չափանիշները` դեղին ազդու ըլլալը, արագ արդիւնքի հասնիլը, լուրջ պարագաներուն մէջ նաեւ ազդեցիկ ըլլալը, թիրախ` օրկաններու պաշտպանութիւն ապահովելը, 24 ժամուան վրայ երկարող կայունութիւնը եւ կողմնակի անփափաքելի ազդեցութիւններուն քիչ եւ թեթեւ ըլլալը:

Դասախօսութեան աւարտին տոքթ. Էճիտեան պատասխանեց ներկայ բժիշկներուն հարցումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES