Րաֆֆի Թոքաթլեանի Քանդակը Կը Նուիրուի Հայաստանի Նախագահական Պալատին
Լիբանանահայ հանրածանօթ արուեստագէտ-քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեան ազնիւ մտածումն ու օրինակելի նախաձեռնութիւնը ունեցած է իր գործերու գեղեցկագոյն եւ թանկարժէք նմուշներէն մէկը (A poem that is full of Harmony w.53xd33xh.80cm -Bronze) նուիրելու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական պալատին:
Գնահատելով արուեստագէտին այս օրինակելի նախաձեռնութիւնը` «Փիւնիկ» հիմնադրամի պատասխանատուները թանկարժէք քանդակին գումարը կը նուիրեն «Ազդակ»-ին, առ ի քաջալերանք հայ արուեստին եւ հայ մամուլին:
«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեանին եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամին:
CATEGORIES Գաղութային

