Սփիւռքի Նախարարութիւն. Նախարար Յակոբեան Ընդունեց Լիբանանի Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Արա Խաչատուրեանը
4 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արա Խաչատուրեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Յակոբեան ներկայացուց «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծրագիրը եւ կարեւոր նկատեց լիբանանահայերուն մասնակցութիւնը փառատօնին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միացեալ մշակութային, կրթական եւ գիտական ծրագիրներ իրականացնելու, Հայաստանի մէջ Լիբանանէն ներդրողներու ներգրաւումին մեծացման հեռանկարները: Քննարկուեցաւ նաեւ նախարարութեան «Լիբանանահայ համայնքի օրեր» ծրագիրի շրջագիծին մէջ «Լիբանանահայ մշակութային օրերը Երեւանի մէջ» նախաձեռնութիւնը կազմակերպելու կարելիութեան մասին հարցեր:
Հանդիպման աւարտին նախարար Յակոբեան Խաչատուրեանին նուիրեց սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ տպագրուած «ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» պատկերագիրքը:

