Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի ակումբին մէջ, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը, ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան, տուաւ կարգ մը որոշումներ:
Նախ եւ առաջ յայտարարուեցաւ ցանկը այն խաղացողներուն, որոնք պիտի մասնակցին ողիմպիական խաղերուն: Անոնք են` Ֆատի Իտ, Ֆայսալ Խէյրալլա, Անթուան Քասսիս, Ամրօ Ժաուիշ, Նասիմ Սաքր (տղաք), Մայա Ժալլուլ, Տանիել Պետրոսեան, Եումնա Մախլուֆ, Սարա Շամիէ եւ Ֆարահ Քասսաս:
Ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատր թելադրեց բանակցութիւնները շարունակել, որպէսզի կարելի ըլլայ համոզել Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի ախոյեան Քնարիկ Մուրատեանը` միանալու ողիմպիականի խումբին մասնակցող պատուիրակութեան:
Ինչ կը վերաբերի միջերկրականեան երկիրներու ճատրակի պատուիրակութեան, այդ մէկը պիտի գլխաւորեն Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամներ Վարդան Նաճարեան եւ Ալի Ժաուիշ:
Վերոնշեալ կրտսերներու ճատրակի խաղերուն պիտի մասնակցին 8-18 տարեկան դասակարգերու 14 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ:

