ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Հայաստան Պիտի Այցելէ
ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիեր յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ շրջան: Ան Պաքու պիտի հասնի 8-9 յուլիսին, Թիֆլիս եւ Պաթումի` 10-11 յուլիսին, իսկ Երեւան` 11-12 յուլիսին:
Ըստ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջին, այցելութեան ծիրին մէջ ան հանդիպումներ պիտի ունենայ ղեկավար մարմիններու, տարբեր կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ:
Ան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, ներառեալ` երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ պիտի քննարկէ ռազմական-քաղաքական, տնտեսական, բնապահպանական մարզերուն մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
CATEGORIES Հայկական


