Եիւքսեքովա Գիւղի Թուրք Բնակիչները Կը Պահանջեն Վերանորոգել Տեղւոյն Հայկական Եկեղեցին

Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Հաքարի շրջանի Եիւքսեքովա շրջանին մէջ նախապէս ապրած հայերուն կառուցած եկեղեցին վերանորոգման կարիք ունի:

Իրանի սահմանի մօտ գտնուող հայկական պատմական եկեղեցին, հակառակ կրած վնասներուն, տակաւին կանգուն է: Գիւղի բնակիչները կը պահանջեն վերանորոգել զայն եւ զբօսաշրջական վայր դարձնել:

«Մեր գիւղի կեդրոնին մէջ գտնուող եկեղեցին տարիներ շարունակ մենք պահպանած ենք, սակայն ատիկա բաւարար չէ: Մենք կը պահանջենք, որ այդ եկեղեցին վերանորոգուի», ըսած է գիւղի բնակիչներէն Մեհմեթ Եմեն:

Ան նշած է, որ եկեղեցւոյ բոլոր հատուածները կանգուն են, ներառեալ` տանիքը: Այստեղ զբօսաշրջիկներ գրեթէ չեն այցելեր: Մեհմեթ Եմեն միայն մէկ դէպք յիշած է, երբ գիւղին մէջ զբօսաշրջիկներ տեսած է:

«Մենք համոզուած ենք, որ եթէ եկեղեցին վերանորոգուի, անիկա զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւնը պիտի շարժէ, եւ շատերը պիտի գան պատմական այս եկեղեցին տեսնելու», ըսած է Եմեն:

Share this Article
CATEGORIES