50 Տարի Առաջ ( 9 Յուլիս 1962 )

Կիլիկեան Վարժարանի
Ամավերջի Հանդէսները

Ազգային Կիլիկեան վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի հանդէսները, հովանաւորութեամբ լիբանանահայ թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի տեղի ունեցան յունիս 27-28-ին: Սրբազան հայրը չկարենալով ներկայ գտնուիլ` փոխանորդաբար ղրկած էր Վարդան եւ Մեսրոպ վարդապետները: Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտութեան կողմէ յաջողութեամբ կատարուեցան խմբերգներ, պարեր, մեներգ եւ արտասանութիւններ: Նախակրթարանի բաժնի մէջ ուշագրաւ էր «Հայ լեզու» խմբական արտասանութիւնը:

Նախակրթարանի յայտագրի կէսին տնօրէնուհի Պ. Մանուկեան կարդաց դպրոցի 1961-1962 տարեշրջանի տեղեկագիրը: Յայտնեց, թէ 1960-1962 շրջանին վարժարանի աշակերտութեան թիւը 100 հոգի յաւելում կրած է եւ ներկայիս 320 աշակերտ ունի: Կարգ մը խճողուած դասարաններ զուգընթաց կարգերու վերածելու համար թաղականութիւնը տանիքի վրայ երկու դասարաններու շինութիւնը կատարած է: 1962-1963 տարեշրջանի համար «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ վարժարանը պիտի օժտուի մանկապարտէզի յատուկ սարքաւորումով եւ խաղալիքներով: Տնօրէնուհին ուրախութեամբ յայտնեց նաեւ, թէ վարժարանին 1961-1962 կրթական տարեշրջանը եղած է բեղուն, թէ` շատ մը վարժարաններու կողքին Կիլիկեան վարժարանը եւս լիբանանեան սերթիֆիքայի ծրագիրը գործադրած է եւ 5-6 յունիսին վարժարանի կողմէ Զ. դասարանէն առաջին տարին ըլլալով, իբրեւ նախափորձ, պետական քննութեան մասնակցած են 8 աշակերտներ` վեց աղջիկ եւ երկու տղայ, որոնցմէ հետեւեալ 4 աղջիկները եւ մէկ տղայ յաջողած են.- Արաքսի Տեքմեզեան, Սոնա Ժամկոչեան, Սոնա Գալայճեան, Գոհարիկ Տօնիկեան, Գէորգ Արսլանեան:

Յետոյ մրցանակաբաշխութիւն կատարուեցաւ:

Հետեւեալ կէտերու մէջ մրցանակներ ստացան.-

1.- Վարք ու բարքի:
2.- Ուսման մէջ առաջին հանդիսացողներ:
3.- Զ. դասարանի հայոց լեզուի մէջ յաջողագոյն աշակերտը (ամերիկահայ Յ. Խաշմանեանի կողմէ):
4.- Հայոց պատմութեան նախապատմական շրջանէն մինչեւ Ռուբինեանց կործանումը յաջող կերպով ամփոփում կատարողին:
5.- Յունիս 24-ի մարզահանդէսին մէջ յաջողութիւն ունեցող 5 աշակերտ-աշակերտուհիներուն:

Ապա Սիմա Մարկոսեան Ե. դասարանի կողմէ շրջանաւարտներուն ուղղեց իր ողջերթը, իսկ Զ. դասարանէն Ծովակ Յարութիւնեան խոր ապրումով կարդաց ուղերձ մը: Յետոյ բեմ հրաւիրուեցաւ Մեսրոպ վրդ. Աշճեան, որուն ձեռքով 21 շրջանաւարտներ ստացան իրենց վկայականները, եւ իր «հուսկ բանքի» պատշաճ խօսքերով եւ օրհնութեամբ հանդէսը փակուեցաւ:

Ստորեւ կու տանք նախակրթարանէն շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներու անունները.- Արաքսի Տեքմեզեան, Արփինէ Քէշիշեան, Արփինէ Քարերկաթեան, Մանիշակ Թուխմանեան, Աշխէն Յարութիւնեան, Զարմինէ Յարութիւնեան, Ծովակ Յարութիւնեան, Լուսին Բանոյեան, Սոնա Գալայճեան, Սոնա Ժամկոչեան, Գոհարիկ Տօնիկեան, Անի Ունճեան, Մարի Ճիզմեճեան, Սիրվարդ Քերթենեան, Արմինէ Սահակեան, Արամ Մանուկեան, Գէորգ Արսլանեան, Յակոբ Չայլեան, Համբարձում Եագուպեան, Սենեքերիմ Պուլղուրճեան, Սարգիս Կէօվպաշեան:

 

Կեսարիոյ Եկեղեցիին
103-
րդ Տարեդարձը

Փառաւոր Հանդիսութիւն

 

Կեսարիայէն կը գրեն 27 յունիս թուականով.-

Տօն կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի եւ քաղաքիս Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ  անուան տօնախմբութեան 103-րդ տարեդարձին առթիւ փառաւոր հանդիսութիւններ տեղի ունեցան 24 յունիս 1962, կիրակի օր, ի ներկայութեան Կեսարիոյ գրեթէ ամբողջ հաւատացեալ ժողովրդեան: Պատարագեց եւ քարոզեց հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեան: Երգեցողութիւնները կանոնաւորաբար կատարեցին երկսեռ փոքր դպիրները:

«Հայր Մեր»-էն առաջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Թուրքիոյ հանգուցեալ պատրիարք Գարեգին արք. Խաչատուրեանի վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ եւ մատաղցու ոչխար նուիրողներուն ննջեցելոց համար, ինչպէս նաեւ` մատաղի օրհնութիւն: Այդ միջոցին ոգեկոչուեցաւ նաեւ անունները Կեսարիոյ մէջ պաշտօնավարող բոլոր վախճանեալ առաջնորդներուն եւ քահանաներուն, անոնց վերջինը եղող Սերովբէ Ա. քհնյ. Պուրմայեանի համար մասնաւոր գովեստով խօսեցաւ` իբրեւ մօտէն ծանօթ անոր օգտակար գործունէութեան:

Քարոզին բնաբանն էր` «Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ, քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս ի Հայաստան աշխարհի»: Տէր հայրը խօսեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, նահատակեալ կոյսերու եւ Ս. Էջմիածնի մասին, Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ անսասան պահպանութեան եւ ներկայ Վազգէն Ա. հայրապետի արեւշատութիւն եւ աշխարհի խաղաղութիւն մաղթելով: Երեք կաթսայ միսով եղինձ բաժնուեցաւ ժողովուրդին եւ մէկ կաթսայ ալ Կեսարիոյ աղքատ բանտարկեալներուն ղրկուեցաւ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES