Խորհրդաւոր Յայտնաբերումներ. Աշխարհը` Գունաւոր Մատիտներով… (Բ.)

Նոյն բաները կը տեսնե՞նք:

… ԿԱՄ` ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՆՈՒՆՆԵՐ ՏՈՒԱԾ ԵՆՔ ԳՈՅՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԽԱՆԳԱՐԱԾ` ՄԵՐ ՈՒՂԵՂԸ: ԳՈՅՆԵՐՈՒ ՄԵՐ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ՞ ԶԱՆՈՆՔ ԴԱՍԱՒՈՐԵԼՈՒ ԵՒ ԱՆՈՒՆՈՎ ԲՆՈՐՈՇԵԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ: ՔԱՆԻ ՄԸ ՇԱԲԱԹ ԱՌԱՋ ԱՅՍ ՆԻՒԹԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷՐ ՊԼՈԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԴԱՑՈՒԱԾ ՈՒ ԳՆԱՀԱՏՈՒԱԾ ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱԿԱՐԳ 10 ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ՑԱՆԿԻՆ: ՈՒՐԲԱԹ ՕՐՈՒԱՆ ԷՋՈՎ ԹԱՐԳՄԱՆԱԲԱՐ ՏՈՒԱԾ ԷԻՆՔ  www.empiricalzeal.com-Ի ՄԷՋ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ ԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԸ, ՈՐ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷՐ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԳՈՅՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԾՆՈՒՆԴԸ: ՍՏՈՐԵՒ` ԳՈՒՆԱԳԵՂ ԵՐԱՆԳՆԵՐՈՎ ՃԱՌԱԳԱՅԹՈՂ ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՍԸ, ՈՐ ԿԸ ՊԵՂԷ ԿԱՊԸ ԼԵԶՈՒԻ, ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳՈՅՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ:

Վերջերս գոյներ կան ուղեղիս մէջ: Այս յօդուածին առաջին մասով նկարագրեցի այն հասարակաց ուղիները, որոնց ճամբով ընթացած են տարբեր մշակոյթներ` իրենց շրջապատի գոյներուն անուններ տալու համար,  եւ յանգեցայ այն եզրակացութեան, թէ գոյներու անունները ձեւով մը տիեզերական են` մշակութային առումով: Լեզուներ պարագայական ձեւով չեն կազմած տեսողական լուսապատկեր մը: Պատմական տարբեր անցեալ ունեցող տարբեր մշակոյթներ յաճախ նոյն գոյներով բառապաշար մը կազմած են: Անշուշտ կարմիրը նկարագրող անոնց բառերը տարբեր են, ինչպէս` ռետ, ռուժ, լաալ եւ այլն: Այսուհանդերձ, կարմրութեան գաղափարը, այսինքն` տեսողական լուսապատկերին այն ցայտուն մասը, զոր կ՛առնչենք կրակին, ելակին, արեան կամ լոլիկի խիւսին հետ, հասարակաց գաղափար մըն է մշակոյթներու միջեւ:

Վարդէ ակնոցներ:

Ուրեմն` ի՛նչ: Այնքան ալ կարեւո՞ր են այս բոլորը, երբ հարցը կը վերաբերի աշխարհի շուրջ նաւարկելու: Շէյքսփիր ըսած է, թէ վարդը նոյնքան անուշ պիտի բուրէր որեւէ այլ անունով: Հետեւաբար, արդեօք կարմիրը նոյնքան վառ պիտի թուէ՞ր որեւէ այլ անունով: Իսկ եթէ չունենայինք կարմիրը բնորոշող անուն մը, արդեօք անիկա  պիտի կորսնցնէ՞ր իր փայլքը: Արդեօք աւելի պիտի դժուարանա՞ր կարմիր հատապտուղները տեսնելը թուփերուն մէջ:

Աշխարհը Կը Դիտենք Մեր Լեզուով

Այս հարցումը կը հետեւի ամերիկացի լեզուագէտ Պենճըմին Ուորֆի այն գաղափարին, թէ մեր գործածած լեզուն կ՛որոշէ աշխարհը դիտելու մեր մօտեցումը: Ան կ՛ըսէ.

Բնութիւնը կը բաժնենք մասերու, զայն կը դասաւորենք գաղափարներով եւ յատուկ կարեւորութիւն կու տանք որոշ բաներու, մեծ մասամբ` այն պատճառով, որ համաձայնած ենք այս ձեւով դասաւորելու զայն: Այս համաձայնութիւնը ի զօրու է լեզու գործածող մեր հաւաքականութիւններուն մէջ, եւ անոր օրէնքները գրուած են մեր լեզուին մէջ: Երբ մարդիկ կը դիտեն աշխարհը, միշտ չէ, որ կ՛առաջնորդուին տիեզերքը պատկերող ֆիզիքական նոյն ապացոյցներով, բացի եթէ նմանութիւններ կան անոնց լեզուական անցեալին մէջ:

Այս գաղափարը ծանօթ է իբրեւ լեզուական յարաբերականութիւն եւ ընդհանրապէս կը բացատրուի այն սխալ ասացուածքով, թէ` էսքիմոները ձիւնը նկարագրող հարիւրաւոր բառեր ունին: Ասիկա ինքնին հաւանաբար շատ բան կ՛ըսէ հաւաստիութեան եւ ապացոյցները ստուգելու մեր ապիկարութեան մասին, քան` ինքնին լեզուին:

Չափազանցութիւնը` մէկ կողմ, սակայն խորքին մէջ գոյները լաւ միջոց մըն են քննութեան ենթարկելու համար Ուորֆի վարկածը: 1984-ին Փոլ Քէյի եւ անոր պաշտօնակիցներուն կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը անգլիախօս անձերը կը բաղդատէր հիւսիսարեւմտեան Մեքսիքայի մէջ ապրող թարահումարա ցեղախումբին հետ: Թարահումարա լեզուն կը պատկանի ութօ-ազթեքեան լեզուաընտանիքին. բնիկ ամերիկեան լեզու մը, որ կը գործածուէր Հիւսիսային Ամերիկայի մօտակայ լեռնաբնակ ցեղախումբերուն կողմէ: Եւ ինչպէս բազմաթիւ լեզուներու մէջ, թարահումարա լեզուին մէջ եւս տարբերութիւն չկայ կապոյտի եւ կանաչի միջեւ:

Թարահումարա լեզուն կը պատկանի հարաւային ութօ-ազթեքեան լեզուաընտանիքին: Թարահումարա ցեղախումբին պատկանող անձերուն լեզուն չի տարբերեր կապոյտն ու կանաչը:

Ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ թարահումարա լեզուն խօսողներուն բաղդատած` անգլիախօսները իրապէ՛ս իրարմէ շատ աւելի տարբեր կը նկատեն կապոյտն ու կանաչը: Կը թուի, թէ կապոյտը նկարագրող բառի մը գոյութիւնը այս գոյնը շատ աւելի ցայտուն կը դարձնէ մեր ուղեղին մէջ: Սակայն գոյն մը բնորոշող բառի մը ներգործութիւնը տկար է, եւ բառերու որեւէ այլ շարք, որ կը ցրուէ մեր ուշադրութիւնը, կ՛անհետացնէ անոր ազդեցութիւնը: Հետեւաբար ուսումնասիրողներուն եզրակացութիւնը այն է, թէ լեզուն միայն որոշ չափով դերակատար է աշխարհը հասկնալու մեր ճիգին մէջ: Այսինքն կապոյտն ու կանաչը իրարմէ զանազանող լեզուական միջոցները թերեւս պարզապէս կը շեշտեն անոնց միջեւ մեր նկատած տարբերութիւնը: Ասիկա նոյնինքն Ուորֆի գաղափարն է:

Այս բաղդատութիւնը կատարուած էր 1984-ին: Այնուհետեւ ի՞նչ սորված ենք: 2006-ին Օպրի Կիլպըրթի գլխաւորութեամբ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ կը բերէր անակնկալ մը: Պահ մը երեւակայեցէք, թէ մաս կը կազմէք անոր կատարած ուսումնասիրութեան: Ձեզմէ կը պահանջուի դիտել պաստառի մը կեդրոնը տեղադրուած խաչաձեւ նշան մը: Ապա կը յայտնուին բոլորաձեւ շարուած միագոյն սալիկներ: Սալիկներէն մէկուն գոյնը տարբեր է միւս սալիկներուն գոյնէն: Երբեմն անիկա կը յայտնուի սալիկներու բոլորակին ձախին, երբեմն` աջին: Ձեր պարտականութիւնն է գիտնալ, թէ այս տարբեր գոյնի սալիկը կը գտնուի բոլորաձեւ շարուած սալիկներուն ձախի՞ն, թէ՞ աջին: Հետեւաբար պարտաւոր էք ձեր աչքերը սեւեռել խաչաձեւ նշանին վրայ:

Այսքանը բաւական դիւրին է: Սակայն ո՞ւր է դժուարութիւնը:

Տարբերութիւններէն մէկը հետեւեալն է. անգլիախօս անձեր երկու տարբեր բառեր ունին կապոյտն ու կանաչը բնորոշելու համար: Հետեւաբար անոնք ունին գաղափար մը, որ պատ մը կը հիւսէ երկու գոյներուն միջեւ: Սակայն այլ լեզուի մը պարագային, ուր այս երկու գոյներուն գաղափարը նոյնն է, տարբեր գոյնի սալիկը գտնելը դժուար է:

Ուսումնասիրողներուն նպատակը եղած էր յայտնաբերել հետեւեալը. եթէ ունինք երկու գոյներ տարբերող բառեր, արդեօք աւելի դիւրութեա՞մբ կը զանազանենք տուեալ գոյները: Եթէ աւելի ընդհանրացնենք հարցումը, արդեօք մեր լեզուական բառապաշարը իր ներգործութիւնը ունի՞ աշխարհը ընկալելու մեր կարողութեան վրայ: Այս ուսումնասիրութեան նպատակն էր ուղղակի փորձարկել Ուորֆի գաղափարը:

Եւ յայտնապէս Ուորֆի գաղափարը ճիշդ էր, կամ` գէթ մասամբ ճիշդ:

Ուղեղին Կիսագունդերը Կը Պայքարին

Կրնա՞ք գտնել տարբեր գոյնի սալիկը:

Ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ գոյութիւն ունի իրական տարբերութիւն մը` տարբեր գոյնի սալիկը գտնելու մեր մօտեցումին մէջ, եւ թէ` այս տարբերութիւնը կարելի է չափել: Ընդհանրապէս նուազ ժամանակ կը խլէ կանաչ սալիկներուն շարքին կապոյտը գտնելը, բաղդատած` կապոյտ սալիկներուն շարքին կանաչը գտնելուն: Ասիկա հասկնալի է բոլոր անոնց համար, որոնք երբեւիցէ թենիսի գնդակ մը փնտռած են խոտերուն մէջ, ինչ որ այնքան ալ դժուար բան մը չէ: Սակայն փնտռտուքը պիտի դիւրանար, եթէ գնդակը կապոյտ ըլլար: Այստեղ ոստում մը կը կատարենք դասաւորումներու մէջ (կապոյտ գնդակը կը հակադրուի կանաչ խոտին), իսկ միւս պարագային կը մնանք նոյն դասաւորումին մէջ (կանաչ գնդակը կը հակադրուի կանաչ խոտին):

Այսուհանդերձ, իրերը այնքան ալ պարզ չեն: Այս եզրակացութիւնը ճիշդ է միայն, երբ տարբեր գոյնով սալիկը կը գտնուի բոլորաձեւ շարուած սալիկներուն աջ կէսին մէջ: Երբ անիկա կը գտնուի ձախ կէսին մէջ (ինչպէս կը տեսնենք նկարներուն մէջ), ապա զայն տեսնելու համար տրուած ժամանակը նոյնն է երկու գոյները տարբեր անուններով կամ նոյն անունով բնորոշող լեզու մը խօսող անձերու քով: Այլ խօսքով` երկու գոյները տարբերող կամ չտարբերող լեզուներ խօսող անձերը նոյնքան ժամանակ կը տրամադրեն միակ կապոյտ սալիկը տեսնելու, ինչպէս նաեւ` միակ կանաչ սալիկը: Կը թուի, թէ գոյներու մեր դասաւորումները դերակատար են միայն մեր տեսադաշտին աջ կէսին մէջ, այսինքն տարբեր անուններով գոյները զատորոշելը կը դիւրանայ միայն այն ատեն, երբ անոնք կը գտնուին մեր աջին: Պէտք է նաեւ նկատի ունենալ, թէ տարբեր գոյնով սալիկը գտնելու համար տրամադրուած ժամանակի տարբերութիւնը շատ չնչին է. մէկ հարիւրերորդ երկվայրկեան:

Ուրեմն ի՞նչ է պատճառը այս անհաւասարութեան: Եթէ որոշ գաղափար մը ունիք, թէ ինչպէ՛ս կը գործէ ուղեղը, հաւանաբար արդէն կռահած էք պատճառը: Ճակատագրական դեր ունի այն իրողութիւնը, թէ ինչ որ կը տեսնենք մեր աջ տեսադաշտին մէջ, կ՛անցնի մեր ուղեղին ձախ կիսագունդին գործընթացներէն, իսկ ինչ որ կը տեսնենք մեր ձախ տեսադաշտին մէջ, կ՛անցնի մեր ուղեղին աջ կիսագունդին գործընթացներէն: Մեզմէ շատերուն պարագային` ուղեղին ձախ կիսագունդը շատ աւելի աշխուժ է լեզուական գործընթացներու մէջ: Հետեւաբար, թերեւս մեր ուղեղին լեզուական ըմբռնումի պատասխանատու մասը օգնութեան կը հասնի մեզի:

Միայն անգլիախօս անձերը չեն, որոնք կը ցուցաբերեն այս անհաւասարութիւնը: Քորէացիները ծանօթ են եոնտու եւ չորոք գոյներուն: Անգլիախօս անձ մը այս երկու գոյներն ալ պիտի կոչէր կանաչ: Սակայն եոնտուն աւելի դեղնաւուն կանաչն է, իսկ քորէացիները զայն չեն նկատեր կանաչի երանգ մը: Այս երկուքը հիմնական եւ տարբեր գոյներ են իրենց համար: Անոնք չունին առանձին բառ մը, որ կը նշանակէ կանաչ, եւ որ իր մէջ կը պարունակէ եոնտուն եւ չորոքը:

Հետեւաբար պահ մը երեւակայեցէք, թէ նոյն քննութիւնը կ՛անցընէք, այս անգամ` կանաչ եւ կապոյտ սալիկներու փոխարէն` եոնտու եւ չորոք գոյնի սալիկներ ջոկելու համար բոլորաձեւ շարուած սալիկներու մէջէն: Խումբ մը ուսումնասիրողներ կատարած են այս փորձարկութիւնը եւ ի յայտ բերած են, թէ այն անգլիախօսները, որոնք ամէնէն աւելի արագ գտած են տարբեր գոյնի սալիկ մը, չեն ցուցաբերած տարբեր գործունէութիւն` իրենց ուղեղին ձախ եւ աջ կիսագունդերուն մէջ, մինչդեռ քորէական լեզուն խօսողներուն ուղեղին մէջ արձանագրուած են անհաւասարութիւններ: Հաւանական է, որ անոնց ուղեղին ձախ կիսագունդը աւելի ատակ է տարբերելու եոնտու եւ չորոք գոյնի սալիկները:

Սակայն ի՞նչ բան մեզ կը մղէ մտածելու, թէ բանալին լեզուն է այս պարագային: Պահ մը վերադառնանք նախորդ փորձարկութեան. ուսումնասիրողներ կրկնած են բոլորաձեւ շարուած սալիկներու փորձարկութիւնը, սակայն այս անգամ` գործածելով մասնակցողներուն ուշադրութիւնը ցրուող բառ մը: Անոնք ուսումնասիրութեան մասնակցող անձերէն խնդրած են իրենց միտքը պահել բառ մը` միագոյն սալիկներու մէջ տարբեր գոյնի սալիկը գտնելու իւրաքանչիւր քննութենէ առաջ: Նպատակը մասնակցողներուն ուղեղին լեզուական հոսանքները շրջել էր: Միաժամանակ անոնք ուսումնասիրութեան մասնակցող այլ անձերու քննութենէն առաջ բառ մը յիշելու փոխարէն` ցոյց տուած են պատկեր մը եւ թելադրած են զայն պահել իրենց մտքին մէջ: Այս պարագային ուշադրութինը ցրուող գործօնը տեսողական էր, հետեւաբար ուղեղին լեզուական գործունէութեան պատասխանատու մասը պէտք չէր խանգարուեր:

Ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ երբ մասնակցողներուն ուշադրութիւնը շեղած է բառեր յիշելու պարտաւորութեամբ, յանկարծ անոնց համար դժուարացած է կապոյտը կանաչէն զանազանելը: Այլ խօսքով` դանդաղած է գոյներու դասաւորումներուն մէջ անոնց փնտռտուքը: Իրօք, ուսումնասիրութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, թէ այս պարագային կապոյտը կանաչէն զանազանելը շատ աւելի դժուարացած է, քան` կանաչի երկու երանգներ զանազանելը. սակայն ուշադրութիւնը ցրուող տեսողական գործօնին պարագային` իրերը տարբեր էին. կապոյտը կանաչէն զանազանելը դիւրին էր, ինչ որ կը նշանակէր, թէ գոյներու դասաւորումներուն մէջ փնտռտուքը աւելի արագ էր:

Այս բոլորը ի զօրու են ուղեղին ձախ կիսագունդին պարագային: Մինչ այդ մեր ուղեղին աջ կիսագունդը անտեղեակ կը մնայ գոյներու այս դասաւորումներէն (մինչեւ որ մեր ուղեղին ձախ կիսագունդը բարեհաճի տեղեակ պահել զայն): Եզրակացութիւնը այն է, թէ լեզուն ձեւով մը կը խթանէ մեր ուղեղին ձախ կիսագունդին կարողութիւնը` իրարմէ զանազանելու համար տարբեր գոյները` իրենց տարբեր անուններով: Մշակութային գործօններ շատ նուրբ ձեւով կը շրջեն մեր հասկնալու կարողութիւնը` տարբեր ուղղութիւններով առաջնորդելով մեր տեսողական հակումները: Տարօրինակ` բայց իրաւ, Ուորֆի գաղափարը ճիշդ է, սակայն միայն` ուղեղին մէկ կիսագունդին պարագային:

Վերադարձ` Դէպի Մանկութիւն

Պահ մը երեւակայենք աշխարհ մը, ուր գոյները անուն չունին: Որոշ ժամանակ մը ապրած ենք նման աշխարհի մը մէջ, երբ նորածին էինք: Կը յիշե՞նք, թէ ինչպիսի՛ փորձառութիւն մը ապրած ենք: Հոգեբան Աննա Ֆրենքլին յատուկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ գոյներու դասաւորումներու կազմութեան նկատմամբ: Ան կ՛ուսումնասիրէ գոյներու ճանաչողութիւնը նորածիններու քով` գիտնալու համար, թէ ուղեղը ինչպէ՛ս կը դասաւորէ գոյները:

Զարմանալիօրէն, բազմաթիւ մանուկներ շատ երկար ժամանակի մէջ կը սորվին գոյներու անունները: Երբ անոնք կը հասնին բազմաթիւ իրեր իրենց անուններով զանազանելու տարիքին, անոնք կը շարունակեն տքնիլ` հիմնական գոյները զանազանելու: Երկու տարեկան մանուկ մը հաւանաբար գիտէ, թէ պանանը դեղին է եւ խնձորը` կարմիր, սակայն եթէ անոր ցոյց տանք կապոյտ գլխարկ մը, շատ հաւանական է, որ զայն կոչէ կարմիր: Այս շփոթը կրնայ շարունակուիլ մինչեւ չորս տարեկան, նոյնիսկ եթէ ան իր դիմաց ունենայ հարիւրաւոր այլ օրինակներ: Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ տեսնելու կարողութեան տէր մանուկներ նոյնքան ճիշդ ձեւով կը բնորոշեն գոյները, որքան` նոյն տարիքի կոյր մանուկները: Անոնք կ՛ապաւինին իրենց փորձառութեան եւ ոչ թէ անմիջապէս կը ճանչնան իրենց տեսած գոյնը:

Նոյնիսկ Չարլզ Տարուին, որ հակամէտ էր մտածելու, թէ մանուկները կարելի էր ծառայեցնել տան մէջ փորձարկութիւններ կատարելու, մտահոգութիւն յայտնած էր, երբ նկատած էր անոնց դանդաղ զարգացումը այս մարզին մէջ:

«Մօտէն հետեւեցայ փոքրիկ զաւակներուս ուղեղային աճին: Երկուքին կամ երեքին պարագային` ճիշդ այն օրէն սկսեալ, երբ անոնք գիտէին անունները բոլոր սովորական իրերուն: Զարմացայ` տեսնելով, որ անոնք անկարող էին տալու անունը այն գոյներուն, որոնք գործածուած էին գունաւոր փորագրութիւններու մէջ` հակառակ զանոնք սորվեցնելու հետեւողական ճիգերուս: Շատ լաւ կը յիշեմ, երբ յայտարարեցի, թէ անոնք գոյները տեսնելու կարողութենէն զուրկ էին: Սակայն հետագային ի յայտ եկաւ, թէ այս մէկը անհիմն մտավախութիւն մըն էր: Հետեւաբար կը թուի, թէ գոյները զանազանելու կամ զանոնք անուններով ճանչնալու մանուկներուն դժուարութիւնը արժանի է յաւելեալ ուշադրութեան»:

Տարուին ճիշդ կ՛ըսէր: Բուն հարցումը այն է, թէ երբ մանուկներ կը սորվին գոյներուն անունները, արդեօք աշխարհը դիտելու եւ հասկնալու անոնց մօտեցումը կը փոխուի՞: Աննա Ֆրենքլին եւ իր պաշտօնակիցները փորձած են պատասխանել այս հարցումին: Անոնք ուսումնասիրած են երկուքէն չորս տարեկան մանուկներ` զանոնք բաժնելով երկու խումբերու: Խումբերէն մէկը գոյները կը բնորոշէր իրենց անուններով եւ կրնար զանազանել կապոյտը` կանաչէն, իսկ միւսը զուրկ էր այս կարողութենէն: Ուսումնասիրողները բոլորաձեւ միագոյն սալիկներու քննութիւնը կիրարկած էին այս մանուկներուն վրայ: Փոխանակ անոնցմէ պահանջելու, որ կոճակ մը կոխէին (այս մէկը կրնար բարձրացնել մեծ աղմուկ եւ այնքան ալ խելացի գաղափար մը չէր այս տարիքի մանուկներուն համար), ուսումնասիրողները հետեւած են մանուկներուն աչքերուն` գիտնալու համար, թէ անոնք որքա՛ն ժամանակի մէջ պիտի գտնէին տարբեր գոյնի սալիկը:

Մինչ մանուկներ կը սորվին գոյներուն անունները, յատկանշական կերպարանափոխութիւն մը տեղի կ՛ունենայ անոնց ուղեղին մէջ: Նախքան գոյներուն անունները սորվիլը` անոնք իրենց ուղեղին աջ կիսագունդին մէջ շատ աւելի լաւ ձեւով կը զանազանեն գոյներու դասաւորումները: Ձեւով մը անոնց ուղեղին աջ կիսագունդը կը հասկնայ տարբերութիւնը կապոյտին եւ կանաչին միջեւ, նոյնիսկ երբ անոնք տակաւին չեն սորված այս գոյներուն անունները: Սակայն երբ անոնք կը սորվին կանաչն ու կապոյտը իբրեւ բառ, գոյները զանազանելու կարողութիւնը անոնց ուղեղին աջ կիսագունդէն կը ցատկէ դէպի ձախ կիսագունդ:

Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա: Մինչ մանուկներուն ուղեղին հոսանքները կը վերաձեւաւորուին իւրացնելու համար մեր տեսողական բառապաշարը, անդին` անոնց ուղեղին մէջ գոյները դասաւորելու գործընթացին կեդրոնը աջ կիսագունդէն կը փոխադրուի ձախ կիսագունդ եւ կը մնայ հոն: Այս հանգրուանին մանուկներուն ուղեղը բուռն կերպով լծուած է աշխարհը վերադասաւորելու աշխատանքին, մինչեւ որ խորհրդաւոր ձեւով հաստատուի մնայուն դասաւորում մը: Հետեւաբար, երբ տեսնէք մանուկ մը, որ կը կռուի իր գոյներուն հետ, մի՛ վարուիք Տարուինի պէս եւ կոպիտ վերաբերում մի՛ ցուցաբերէք: Հաւատացէք, թէ ան լծուած է տքնաջան աշխատանքի:

(Շար. 2 եւ վերջ)

 Պատրաստեց՝
Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES