Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Խրատ Մը
ԳԷՈՐԳ ՍՈԼԱՔԵԱՆ
Սուրիա եւ Թուրքիա երկու դրացի երկիրներ են, որոնց սահմանին երկարութիւնը կը հասնի մօտաւորապէս 850 քիլոմեթրի: 17 ապրիլ 1946¬ին Սուրիա անկախացաւ ֆրանսական տիրապետութենէն: Մինչեւ 2000 թուականները, Սուրիա եւ Թուրքիա պետական մակարդակով պաշտօնական յարաբերութիւններ գրեթէ չունէին. 2000¬ի սկիզբը Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական կառավարութեան գլուխը անցաւ իբրեւ վարչապետ: Ան ձեռք երկարեց իրեն դրացի պետութիւններուն, նաեւ` Սուրիոյ: Սուրիա ընդառաջեց Թուրքիոյ առաջարկին, բարձր մակարդակով պետական պատուիրակութեամբ, գլխաւորութեամբ նախագահ Պաշշար Ասատի, այցելեցին Թուրքիա: Անոնք շատ ջերմ ընդունելութեան արժանացան թրքական պետութեան կողմէ: Տեղի ունեցան բարձր մակարդակի ժողովներ: Թրքական կողմը փոխադարձեց նախագահ Ասատի այցելութեան` Էրտողանի գլխաւորած պատուիրակութեան մը այցելութեամբ: Այսպիսով սկսան Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները` սիրալիր մթնոլորտի մէջ: Տրուեցան իրերայաջորդ այցելութիւններ երկու երկիրներուն միջեւ, կնքուեցան շարք մը համաձայնագրեր, աշխուժացաւ առեւտուրը, ջնջուեցաւ այցեգիրի դրութիւնը, անձնաթուղթը բաւարար եղաւ երկու երկիրներու միջեւ երթեւեկի: Նախագահ Պաշշար Ասատ դարձաւ Էրտողանի մտերիմ եւ սիրալիր բարեկամը: Հազիւ սկսաւ Սուրիոյ տագնապը` մարտ 2011¬ին, ակնթարթի մը մէջ թրքական պետութիւնը փոխեց իր կեցուածքը Սուրիոյ նկատմամբ: Նախագահ Պաշշար Ասատ նկատուեցաւ գէշ, ոճրագործ, խաղաղ ցուցարարներուն վրայ կրակ բացող եւ շարք մը այլ ամբաստանութիւններ ուղղուեցան անոր:
Մէկ օրէն միւսը Սուրիան եղաւ Թուրքիոյ ամէնէն ոխերիմ թշնամին: Թուրքիոյ կառավարութիւնը իր հողերուն մէջ սկսաւ մարզել հրոսակային խումբեր, սուրիացի ընդդիմադիրներուն սկսաւ ապահովել ամէնէն արդիական ռազմամթերք, զէնք, գնդացիր, ռումբ, աւերիչ պայթուցիկներ եւ այլն: Այս հրոսակախումբերը իր հողերէն սկսաւ ուղարկել Սուրիա` ապօրինի միջոցներով: Այս հրոսակախումբերուն անդամները Սուրիոյ մէջ կը ջարդեն, կը քանդեն, կը փշրեն ամէն ինչ, կ՛ականահարեն ինքնաշարժներ, տուներ կը թալանեն, խաղաղ ապրող ընտանիքի անդամները կը սպաննեն ամէնէն վայրագ միջոցներով` կացիններով, դաշոյններով, սուր երկաթներով, գործադրելով սադայէլական միջոցներ: Թուրքիոյ կողմէ Սուրիա առաքուած անձերը իրենց պարտականութիւնը աւարտելէ ետք կը վերադառնան Թուրքիա, որպէսզի ուրիշ խումբեր գան ու իրենց սկսածը շարունակեն:
Ա՛յս է թուրքին բարեկամութիւնը, իր վերաբերումը ամէնէն մտերիմ բարի դրացիին նկատմամբ: Թուրքին համար մէկ օրուան մէջ հսկայական փոփոխութիւն կ՛արձանագրուի, եւ բարեկամը ոխերիմ թշնամի կ՛ըլլայ:
Բոլոր անոնք, որոնք կը մտածեն Թուրքիա երթալ իբրեւ զբօսաշրջիկ, առեւտրական կամ այլ պատճառներով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ ընելու, պէտք է լաւապէս գիտնան այս իրողութիւնները եւ ճանչնան թուրքը: Այս մասին մտածող եւ նման ծրագիրներ մշակող լիբանանցի բարձրաստիճան պատասխանատուներ (նախարար, երեսփոխան եւ այլն) եւս պէտք է զգաստ ըլլան ու գիտնան թուրքերուն իսկական պատկերը: Նախքան նման քայլեր առնելը` անոնք պէտք է գիտակցին, թէ կարելի չէ հաւատալ Թուրքիոյ խոստումներուն, ուստի պէտք է շատ լաւ սերտեն Սուրիոյ տագնապին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը` բոլոր կողմերով ու հանգամանքներով: Պէտք է տեսնեն, թէ Թուրքիա ինչպէ՛ս մէկ օրուան մէջ կը փոխէ իր բարեկամները եւ իր երէկուան բարեկամը այսօր կը վերածուի ոխերիմ թշնամիի: Թուրքիոյ վաղեմի բարեկամ Սուրիան եւ մտերիմ Պաշշար Ասատը միայն 24 ժամուան մէջ արդէն այլակերպուած էին եւ վերածուած` թշնամիներու: Ասիկա բաւական ցայտուն օրինակ եւ փաստ է բոլորին:
Պէտք է բոլորը իրազեկ ըլլան, թէ կարելի չէ վստահիլ Թուրքիոյ, որովհետեւ ան բարեկամ չունի, անմիջապէս կը փոխէ իր խօսքը, գոյնը եւ կեցուածքը` իր շահերուն եւ նպատակներուն համաձայն:

