Ժիւտօ. Լիբանան Կը Մասնակցի Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութեան

Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Ամման մեկնեցաւ Լիբանանի ժիւտոյի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ տղոց եւ աղջկանց ժիւտոյի ախոյեանութեան:

Լիբանանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ իրաւարար Անտրէ Մըշլապ, հաւաքականներուն մարզիչն է Ժոզեֆ Զաք, իսկ խումբին մարզիկներն են Ապպուտի Անթար, Ուիսամ Հայեք, Էլի Սաապ, Ժունիոր Սաատէ, Ժորժ Մըրհեպ, Տոմինիք Մաթար (տղաք), Քարեն Շամմաս, Օտեթ Մալքուն եւ Մարի Իվոն Ատ (աղջիկներ):

 

Share this Article
CATEGORIES