Թենիս. Ուիմպըլտըն. Ֆետերեր Յաղթեց Տիոքովիչի Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը
Թենիսի Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, երէկ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր (դասուած` 3-րդ), յաղթելէ ետք թիւ 1 դասուած եւ տիտղոսակիր սերպ Նովաք Տիոքովիչի, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Վեց անգամ ախոյեան հանդիսացած ֆետերեր իր մրցակիցին դէմ արձանագրեց 6-3, 3-6, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ֆետերեր յաջողեցաւ բարելաւել իր հաստատած մրցանիշը` երբեք չպարտուելով ութ անգամ կիսաւարտական հանգրուան հասած իր կատարած մրցումներուն ընթացքին:
CATEGORIES Մարզական


