2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիական Խաղեր. «Հայ Լողորդները Լուրջ Արդիւնքներ Չեն Կրնար Արձանագրել» Կ՛ըսէ Իկոր Սաֆարեան
«Ամենպրես» լրատու գործակալութիւնը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ կ՛անդրադառնայ հայ երկու լողորդներու, որոնք Լոնտոնի 2012-ի Ողիմպիական խաղերուն պիտի ներկայացնեն Հայաստանը` լողարշաւի մրցումներուն: Անոնք են` Միքայէլ Քոլոյեան եւ Անահիտ Բարսեղեան:
Նշենք, որ անոնք ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցին յատուկ հրաւէրով, այսպէս կոչուած ճերմակ քարտերով, որոնցմով մարզիկներ իրաւունք կ՛ունենան այդ խաղերուն մասնակցելու առանց զտումի մրցումներ կատարելու:
Տարբեր երկիրներու մարզիկներուն տրուած են 150 ճերմակ քարտեր (տղաք եւ աղջիկներ):
Անդրադառնալով անոնց մասնակցութեան` Հայաստանի լողարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Իկոր Սաֆարեան կ՛ըսէ. «Հայաստանի լողորդներուն մասնակցութիւնը` Ողիմպիական խաղերուն, շատ կարեւոր է երկրին մէջ այս մարզաձեւը զարգացնելու համար: Բայց եւ այնպէս, անոնցմէ լուրջ արդիւնքներ պէտք չէ ակնկալել»:
Որո՞Նք Են Հայրենի Երկու Լողորդները
Միքայէլ Քոլոյեան, որ ծնած է Երեւանի մէջ` 21 յունիս 1983-ին, եղած է Հայաստանի բազմակի ախոյեան եւ մրցանակակիր: Ան մասնակցած է 2008-ի Փեքինի ողիմպիական խաղերուն, ինչպէս նաեւ աշխարհի եւ Եւրոպայի բազմաթիւ ախոյեանութիւններու: Անոր անձնական մարզիչն է Արման Վահանեան: Լոնտոնի մէջ ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 100 մեթր ազատ լողի մրցումներուն:
Անահիտ Բարսեղեան ծնած է Երեւան` 3 մարտ 1994-ին: Ան Հայաստանի բազմակի ախոյեան է եւ մրցանակակիր: Բարսեղեան, որ մասնակցած է աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանութիւններու, իր կարգին իրեն անձնական մարզիչ ունի Արման Վահանեանը: Լոնտոնի մէջ ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 100 մեթր կռնակի լողի մրցումներուն:


