Սկովտիական Ֆութպոլ. Ռէյնճըրզ Դուրս Դրուեցաւ «Փրեմիեր Լիկ»-էն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սկովտիոյ ֆութպոլի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած եւ 54 անգամ Սկովտիոյ ախոյեան հանդիսացած Ռէյնճըրզ դուրս դրուեցաւ «Փրեմիեր լիկ»-էն:

Հսկայական պարտքերու մէջ մխրճուած Ռէյնճըրզ, որ իր տուրքերը չէր կրնար վճարել, ճշդուած ժամանակամիջոցին, երբ լուծում չկրցաւ գտնել իր վճարելիք պարտքերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու առումով, դուրս դրուեցաւ «Փրեմիեր լիկ»-էն:

Ասիկա կը նշանակէ, որ անիկա 2012-2013 տարեշրջանը կրնայ սկսիլ նոյնիսկ Դ. դասակարգէն:

Սակայն շարք մը ակումբներ, որոնք իրենց դժգոհութիւնը արտայայտեցին կատարուածին համար, իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին Ռէյնճըրզի` նոյնիսկ տեղեակ ըլլալով, որ այդ ձեւով նիւթական որոշ գումար մը պիտի վնասեն:

Սկովտիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի պատասխանատուներէն Տէյվիտ Լոնկմուիր «Պի. Պի. Սի. – Սքոթլընտ»-ի հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ իր գումարելիք ժողովին ֆետերասիոնը պիտի վճռէ, որ նոր տարեշրջանին Բ. դասակարգի ո՛ր խումբը պիտի ըլլայ Ռէյնճըրզը փոխարինողը` «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES