Լիպիոյ Նոր Իշխանութիւնները Կը Մտադրեն Երկրին Օրէնսդրութեան Իբրեւ Հիմք Իսլամական Օրէնքի Կանոնները Դնել

Սալեհ Տարհուպ

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիպիոյ մէջ իշխանութիւնը ստանձնած Ազգային փոխանցման խորհուրդի ներկայացուցիչ Սալեհ Տարհուպ յայտնած է, որ իսլամական օրէնքի կանոնները պէտք է Լիպիոյ օրէնսդրութեան հիմքը ըլլան:

«Լիպիոյ ժողովուրդը իսլամութիւնը կը դաւանի, եւ ատիկա է օրէնսդրութեան հիմքը: Ազգային փոխանցման խորհուրդը կը յանձնարարէ յաջորդ հիմնադիր ժողովին ընթացքին իսլամական օրէնքը օրէնսդրութեան հիմնական աղբիւր դարձնել», ըսած է ան:

Ըստ լիպիացի պաշտօնատարին, տուեալ հարցը պէտք է հանրաքուէի դրուի:

Տարհուպ շեշտած է, որ յանձնարարականը որդեգրուած է, որպէսզի «խաղաղին երկրին քաղաքացիները, որոնք մտավախութիւններ ունին, թէ երկրի նոր սահմանադրութիւնը իսլամական օրէնքին վրայ հիմնուած պիտի չըլլայ»:

«Մենք հանրաքուէէն չենք վախնար: Սակայն կ՛ուզենք հանգստացնել հասարակութեան այն ներկայացուցիչները, որոնք կը վախնան հանրաքուէէն», նշեց ան:

Share this Article
CATEGORIES