Ազրպէյճանի Առաջին Նախագահը Հայրենիք Վերադարձած Է
Ազրպէյճանի առաջին նախագահ Այազ Մութալիպով շաբաթ օր քսան տարի Ռուսիոյ մէջ բնակելէ ետք հայրենիք վերադարձած է: Անոր վերադարձը կարելի եղած է միայն Ազրպէյճանի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած «Նախկին նախագահներու եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն մասին» օրէնքին շնորհիւ: Օրէնքը նախագահը կը պաշտպանէ քրէական հետապնդումէ:
Ըստ նոր օրէնքին, Մութալիպով պիտի ստանայ թոշակ` գործող նախագահի աշխատավարձին 50 առ հարիւրին չափով, իսկ անոր մահէն ետք այդ թոշակը պիտի փոխանցուի անոր կնոջ:
Մութալիպով Ազրպէյճանը ղեկավարած է 1991-1992-ին: Ան Ազրպէյճանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի առաջին քարտուղարն էր: Մութալիպով ստիպուած եղաւ իր պաշտօնէն հեռանալ` ղարաբաղեան պատերազմին մէջ անոր ունեցած անյաջողութիւններէն ետք: Քանի մը ամիս ետք ան իշխանութեան վերադարձաւ, սակայն շուտով պաշտօնանկ եղաւ եւ ստիպուած եղաւ Ռուսիա տեղափոխուիլ:
Ազրպէյճանական իշխանութիւնները Մութալիպովը կը մեղադրէին յեղաշրջումի փորձի համար, որուն պատճառով ալ երկար ժամանակ ան չէր կրնար Ազրպէյճան վերադառնալ: Պաքու Ռուսիոյ դիմած էր` նախկին նախագահը վերադարձնելու համար, սակայն մերժում ստացած էր:
Մութալիպով Ազրպէյճանի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարներէն մէկն էր, սակայն 2012-ի յունիսի վերջաւորութեան ան յայտարարեց, որ կը հեռանայ քաղաքականութենէն, որպէսզի իր ընտանիքին աւելի շատ ժամանակ տրամադրէ եւ զբաղի առողջական հարցերով:


