Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին: Ռայի պատրիարքը իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան պաշտպանելու Սուրիոյ հետ սահմանակից հիւսիսային Լիբանանի մէջ գտնուող լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը: Ան նշեց, որ Լիբանան անվստահութեան հանգրուան մը կը դիմագրաւէ լիբանանցի քաղաքական կարգ մը պատասխանատուներու անհաւատարմութեան պատճառով:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը հիմնական երաշխիք է` պահպանելու Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ կը մարմնաւորէ օրէնքի պետութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ խստիւ մերժելի է եւ դատապարտելի Սուրիոյ բանակին կողմէ լիբանանցի քաղաքացիներուն սպանութիւնը: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը այս առումով լուռ պէտք չէ մնայ, որովհետեւ լուռ մնալով անտեսած կ՛ըլլայ լիբանանեան գերիշխանութիւնն ու լիբանանցի քաղաքացիին ապահովութիւնը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ շատ հաւանաբար Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները ներկայ գտնուին կառավարութեան այսօրուան նիստին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ դաշինքը քաղաքական մանրուքներէն շատ աւելի զօրաւոր է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ խզել բարեկամութիւն մը եւ ըմբռնում մը, երբ ռազմավարական համախոհութիւն գոյութիւն ունի` ոչ միայն ազգային մակարդակի վրայ, այլեւ` աւելի խորքային մակարդակի վրայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ ներկայ կացութիւնը նոյն ընթացքով եւ լարուածութեան թափով շարունակուի, ապա երկիրը պիտի ուղղուի դէպի աղէտալի ժամանակաշրջան մը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ երեսփոխան Պութրոս Հարպի դէմ գործուած մահափորձը կը միտի Լիբանանի մէջ սադրանքներ բռնկեցնել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Շաթահ երեսփոխան Պութրոս Հարպի դէմ գործուած մահափորձին պատասխանատուութիւնը վերագրեց Լիբանանի կառավարութեան:

ՌԱՊԻԷԻ մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ անձնական մակարդակի վրայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ յարաբերութիւնները լաւ են:

ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ մօտիկ աղբիւրներ զգուշացուցին Թաէֆի համաձայնագիրն ու խորհրդարանի նախագահին իրաւասութիւնները խախտելէ:

ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան սարակները «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենց յայտարարած նստացոյցը պիտի չաւարտի, մինչեւ որ զիրենք իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատող օրէնքը պետական պաշտօնաթերթով հրապարակուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ պատասխանատու է Աքքարի բնակիչներուն դէմ գործուելիք որեւէ յարձակումի:

ԼԻԲԱՆԱՆ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք մը ներկայացուցած է` Շեպաայի մէջ հովիւի մը առեւանգումին դէմ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը միայն կրնայ պահպանել լիբանանցիին շահերն ու Լիբանանի ապագան: Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է զգաստ ըլլալ եւ լիբանանցիներուն միջեւ գոյանալիք համախոհութեան պայմանները երաշխաւորել:

ԱԶԳԱՅԻՆ զօրակցութեան հանդիպումի նախագահ շէյխ Մուսթաֆա Մալաս խստիւ դատապարտեց ամերիկացի ծերակուտական Ճոն Մըքքէյնի Լիբանանի մէջ ուղղած այն կոչը, թէ հիւսիսային Լիբանանի մէջ անհրաժեշտ է ստեղծել անջատման գօտի մը: Մալաս շեշտեց, որ Լիբանանի անունը նման տագնապներու մէջ մխրճելը կը ծառայէ միայն սիոնական գոյացութեան շահերուն, որոնց ապահովումին համար Միացեալ Նահանգներ ճիգ չեն խնայեր:

ԹԸՊՊԱՆԷԻ մէջ լիբանանցի քաղաքացի մը կռնակէն փամփուշտ մը ստացաւ, երբ ան բանջարեղէն կը գնէր: Ան ծանրօրէն վիրաւորուելով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ խնդրոյ առարկայ անձը կրակոցի ենթարկուած է ընտանեկան հարցերու պատճառով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանը սուրիական տագնապին միջամուխ դարձնելու:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները տակաւին չեն որոշած կառավարութեան այսօրուան նիստին մասնակցիլ կամ ոչ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պէտք չէ վախնալ անիշխանութենէ, որովհետեւ այս կառավարութեան գոյութիւնը ինքնին անիշխանութեան համազօր է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի Իսրայէլը պատասխանատու նկատեց իրանցի դիւանագէտներուն առեւանգումին հարցով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի մեկնեցաւ Լոնտոն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES