Զօրավարներ Քահուաժի Եւ Ռիֆի Այցելեցին Երեսփոխան Հարպի
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի երէկ այցելեցին երեսփոխան Պութրոս Հարպի, որուն հետ քննարկեցին անոր դէմ գործուած մահափորձին վերաբերող հետաքննութեան նախնական արդիւնքները:
Հանդիպումներէն ետք զօր. Քահուաժի եւ զօր. Ռիֆի մեկնեցան առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Հանդիպումներէն ետք Հարպ յայտնեց, որ ցարդ գոյացած տեղեկութիւնները բաւարար են բացայայտելու իր դէմ մահափորձը կազմակերպողներուն ինքնութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

