Միքաթի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ստացաւ Անանէն
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանէն, որուն հետ քննարկեց Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած ներկայ զարգացումները:
Անան Միքաթիի ներկայացուց «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ վարչապետը տեղեակ պահեց իր կատարելիք շրջապտոյտին մասին:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները կառավարութեան այսօրուան նիստը պոյքոթի պիտի չենթարկեն:
CATEGORIES Լիբանանեան

