«Նախանձախնդիր Ենք Մեր Դաշնակիցներուն Հետ Փոխըմբռնումի Համաձայնագիրը Պահպանելու» Հաստատեց Շէյխ Նայիմ Քասեմ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Հըզպալլա նախանձախնդիր է քաղաքական իր դաշնակիցներուն հետ իր ստորագրած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը պահպանելու` աւելցնելով, որ իրենք երկիրը փոթորկեցնող եւ ամբողջ մթնոլորտը ելեկտրականացնող բառամթերքով պիտի չտարուին:
Միւս կողմէ, քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան նիստին նախօրեակին ամէն ջանք ի գործ դրուած է Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ հարցերը փարատելու: Այս առումով բացայայտուեցաւ նաեւ, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ հանդիպում մը ունեցած է Հըզպալլայի յարաբերական յանձնախումբի ու համակարգումի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի հետ եւ այդ երկարատեւ հանդիպումին ընթացքին քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու ու արձանագրուած բացթողումները սրբագրելու հեռանկարները:
Կը նախատեսուի, որ այս հանդիպումին լոյսին տակ Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը այցելէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Իսկ զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ վերջին հանգրուանին հանդիպումներ տեղի ունեցած են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի շրջանակներուն միջեւ:

