«Շրջանին Մէջ Արձանագրուած Իրադարձութիւնները Մեզի Կը Մղեն Բարելաւելու Ժողովրդավարական Մեր Գործելաձեւը» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման` արաբական երիտասարդական պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները պէտք է Լիբանանը մղեն բարելաւելու ժողովրդավարական իր գործելաձեւը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ շրջանին մէջ այսօրուան դրութեամբ արձանագրուած իրադարձութիւնները Լիբանանին դիմաց դռները լայն կը բանան` ստանձնելու իր առաջնորդի դերակատարութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը եւ հիւսուածքը օրինակելի դարձած են աշխարհի համար:

Նախագահ Սլէյման այս յայտարարութիւնները կատարեց, երբ ան ընդունեց 12 արաբական երկիրներէ երիտասարդական պատուիրակութիւն մը, որոնք կը մասնակցէին «Միջին Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութեան ղեկավարներ» անուան տակ կայացող ծրագիրին, որ տեղի կ՛ունենայ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին հետ գործակցաբար:

Ծրագիրին նպատակն է ժողովրդավարական գաղափարները տարածել` անհատներու, խմբաւորումներու եւ պետութիւններու մօտ ժողովրդավարութիւնը զարգացնելու համար:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախագահ Սլէյման յառաջիկայ հինգշաբթի օր պիտի ուղղուի Փարիզ, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, երկկողմանի գործակցութիւնն ու հարաւի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES