Մինչ Աքքար Կ՛Ուղղուի Դէպի Քաղաքացիական Անհնազանդութիւն, Կառավարութիւնը Կը Գումարէ Արտակարգ Նիստ Մը
Մինչ Աքքար կ՛ուղղուի դէպի քաղաքացիական անհնազանդութիւն, իսկ Պիրէ թրքաբնակ գիւղին մուտքին նստացոյց կատարող քաղաքացիները կը սպառնան որդեգրել մագլցողական քայլեր, այսօր կառավարութիւնը պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը, որուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները յստակ չէ եթէ պիտի մասնակցի՞ն, թէ ոչ: Կարգ մը անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ համախմբումին նախարարներուն մասնակցութիւնը պիտի յստականայ նիստէն միայն քառորդ ժամ առաջ:
Աւելի ուշ սակայն ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը կառավարութեան նիստերուն իր մասնակցութիւնը պոյքոթի չէ ենթարկած` նկատել տալով, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին կառավարութեան զոյգ նիստերուն չմասնակցիլը բողոքի արտայայտութիւն էր:
Կառավարութեան նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին երկիրը յուզող ապահովական հարցերը, յատկապէս երեսփոխան Պութրոս Հարպի դէմ գործուած մահափորձը եւ Աքքարի ապահովական իրադարձութիւնները:
Շաբաթավերջին հիւսիսային Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմանամերձ Ուատի Խալետ շրջանին մէջ 24 տարեկան կին մը եւ 11 տարեկան պատանի մը սպաննուեցան` Սուրիոյ կողմէ Լիբանանի վրայ արձակուած ռումբի մը պատճառով: Սուրիոյ տագնապին շրջագիծին մէջ Ուատի Խալետ հասած այլ ռումբեր պատճառեցին 8 վիրաւորներ, որոնցմէ 5-ը ծանր վիճակի մէջ են:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ցաւ յայտնեց Ուատի Խալետի մէջ արձանագրուած զոհերուն ու վիրաւորներուն համար եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ապահովական կառոյցներու պետերուն հետ` սերտելու համար այդ առնչութեամբ բացուած հետաքննութեան արդիւնքները:
Ան կոչ ուղղեց անոնց որդեգրելու ապահովական ամէն տեսակի միջոցառումներ` ապահովելու համար լիբանանցի քաղաքացիին անվտանգութիւնը, շեշտելով, որ լիբանանցիներուն ապահովութիւնն ու առողջութիւնը լիբանանեան իշխանութեան պատասխանատուներուն համար առաջնահերթութիւն է:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ ուրբաթէն շաբաթ լուսցող առաւօտեան ժամը 2:00-ին, լիբանանեան Ուատի Խալետ շրջանի Ամայեր շրջանին կից սուրիական սահմանամերձ շրջանին մէջ արձանագրուած են զինեալ բախումներ, որոնց իբրեւ հետեւանք կարգ մը ռումբեր ինկած են նաեւ Ուատի Խալետ եւ պատճառած մէկ զոհ եւ երեք վիրաւորներ, որոնք փոխադրուած են Քըպպէյեաթի «Սայիտաթ Սալամ» հիւանդանոցը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ շրջանին մէջ դիրքաւորուած լիբանանեան բանակի զինուորներուն թիւը բարձրացած է` նշելով, որ անոնք պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուին` անհրաժեշտ ապահովական միջոցառումները որդեգրելու եւ լիբանանեան-սուրիական սահմանային որեւէ խախտումի առաջքը առնելու նպատակով:
Իր կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ իրենք Հըզպալլայի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն պիտի չարտօնեն լիբանանցիները լիբանանեան պետութենէն բացի այլ պետութեան մը հրահանգներուն ենթարկելու:
Տահեր շեշտեց, որ սուրիական ոտնձգութիւնները միայն լիբանանցիները չէ որ թիրախ դարձուցած են, այլեւ` անոնք հասած են թիրախ դարձնելու լիբանանեան պետութեան արժանապատուութիւնը, նկատի ունենալով Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ձերբակալելու եւ զանոնք Սուրիա տանելու ու դարձեալ Լիբանան վերադարձնելու սուրիական ուժերուն յանդգնութիւնը:
«Արդեօք Լիբանանի կառավարութեան պարտականութիւնը չէ՞ պաշտպանել երկրին գերիշխանութիւնը եւ արգիլել Լիբանանի դէմ գործուող ոտնձգութիւնները: Ով որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան դէմ յեղաշրջում գործեց, նպատակ ունէր մէկ կողմէ լուսանցքայնացնել Լիբանանի սիւննի համայնքը, իսկ միւս կողմէ ճնշում բանեցնել տիւրզի համայնքին վրայ եւ բաժնել քրիստոնեաները», ըսաւ ան:
Տահեր յայտնեց, որ մինչեւ օրս կառավարութեան իրագործած բոլոր նուաճումները փտածութեամբ լեցուն են:
Տահեր հերքեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ հիւսիսային Լիբանանի մէջ կը գտնուին Սուրիական ազատ բանակի մարզումի կեդրոններ:
Տահեր կառավարութիւնը նկատեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ներկայացուցիչը` աւելցնելով, որ անիկա ձախող կառավարական կազմ մըն է եւ պատասխանատու է երկրին դիմագրաւած բոլոր հարցերուն:
Ան պահանջեց սպաննուած շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի թղթածրարը փոխանցել Արդարադատութեան խորհուրդին:
Նշենք, որ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի կտրականապէս մերժեց շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի սպանութեան թղթածրարը Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցել` շեշտելով, որ կարելի չէ այս հարցին շուրջ խտրութիւն կատարել: «Կարելի չէ ներքին ապահովութեան ուժերուն վրայ վստահութիւն ունենալ, իսկ բանակին վրայ վստահութիւն չունենալ: Ինչպէ՞ս կարելի է Արդարադատութեան խորհուրդին վրայ վստահութիւն ունենալ, իսկ զինուորական ատեանին վրայ` ոչ», հարց տուաւ ան:

