Հոլլանտ Կը Վստահեցնէ, Թէ Հաւատարիմ Է Իր Նախընտրական Խոստումին

Ֆրանսուա Հոլլանտ

«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարած է, որ կը նախատեսէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը ներկայացնել: Ըստ ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեանի, Հոլլանտ շաբաթ առաւօտեան Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեանին հեռաձայնելով ընդգծած է, որ ինք հաւատարիմ կը մնայ նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին իր տուած խոստումին:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կը հաղորդէ, որ «Ֆրանսուա Հոլլանտ փափաք յայտնած է դարձեալ նախապատրաստելու օրինագիծ մը, որուն ճամբով Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը կը դատապարտուի», ինչպէս ան յայտարարած էր իր նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին:

Հայ համայնքի ներկայացուցիչները կը պատրաստուին այս հարցով հանդիպում ունենալ նախագահ Հոլլանտի հետ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ իր հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած էր, որ այդ օրինագիծին դժուար, թէ «յարութիւն տրուի»` աւելցնելով, որ Սահմանադրական խորհուրդը դարձեալ կրնայ մերժել զայն:

Սակայն, ըստ «Պի. Պի. Սի.»-ի, Ֆրանսայի նախագահական պալատէն շաբաթ օր յայտարարած են, որ Հոլլանտ իր նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին իր դիրքորոշումը արտայայտած է եւ ատոր հաւատարիմ պիտի մնայ: «Մենք պէտք է գտնենք ուղի մը, որ նոր նախագիծին բնագիրը համապատասխան պիտի դարձնէ սահմանադրութեան», ըսած են նախագահական պալատէն:

Մուրատ Փափազեան. «Հոլլանտ Երբեք Մեզի Չէ
Դաւաճանած
, Սակայն Պէտք Է Արթուն Ըլլանք»

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան Դիմատետրի ընկերային ցանցի իր էջին վրայ կը գրէ, որ «Ֆրանսայի նախագահը ինծի վստահեցուց, որ հաւատարիմ պիտի մնայ իր խոստումներուն: Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը քուէարկութեան պիտի դրուի: Ան նաեւ վստահեցուց, որ չի հրաժարիր իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն ոչ մէկէն»:

Փափազեան նաեւ կը յայտնէ, որ յառաջիկային նախագահը պաշտօնապէս զիրենք պիտի ընդունի: «Կառավարութեան քաղաքականութիւնը Հոլլանտի քաղաքականութիւնն է եւ ոչ թէ Ֆապիւսինը: Հոլլանտ երբեք մեզի չէ դաւաճանած, սակայն պէտք է արթուն եւ միասնական ըլլանք: Թուրքիա կրնայ արագ փոխել իր ոճը», կ՛ընդգծէ Փափազեան:

 

Share this Article
CATEGORIES