Խմբագրական. Ֆապիւս-Հոլլանտ Հակասութիւնը Եւ Օրինագիծի Խաղը

Միջազգային լրատուադաշտը յատուկ լուսարձակներով նախ կեդրոնացաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի յայտարարութեան վրայ` ժխտողականութեան վերաբերող օրինագիծի յարութիւնը դժուար տեսանելի նկատելու առումով, ապա նախագահ Հոլլանտի յայտարարութեան վրայ, թէ այս ուղղութեամբ կը մնայ իր յանձնառութիւններուն տէրը: Միջանկեալ` նոյն թափերով կը հաղորդուէր, որ Անգարան կը ջնջէր իր պատժամիջոցները Ֆրանսայի նկատմամբ:

Հայկական կողմը, լրատուական առումով կ՛ալեկոծուէր`  հիասթափութեան եւ վերայուսադրման ալիքներու տակ: Կարծէք Ֆրանսայի խորհրդարանի, ծերակոյտի եւ Սահմանադրական դատարանի իրերայաջորդ որոշումներն ու  նախկին նախագահի ոստոստող կեցուածքները որեւէ ուղերձ փոխանցած չըլլային:

Քաղաքական պահու տրամաբանութիւնը գերակշիռ է հարցերու եւ շարժառիթներու տուն տուող պատճառները իմանալու եւ համապատասխան կեցուածքներով արձագանգելու համար:

Նոյնինքն Անգարայի արտաքին գործոց նախարարը պէտք է պատժամիջոցները չեղեալ համարելու որոշումի գործադրութիւնը  առկախէր, երբ կ՛իմանար Ֆապիւսի յայտարարութեան յաջորդած Հոլլանտի յայտարարութիւնը:

Նախագահ Հոլլանտ միաժամանակ կը վերստանձնէր իր յանձնառութիւնը, միւս կողմէ հասկցնելով, որ նոր օրինագիծը շտապ կարգով ներկայացնելու անհրաժեշտութեան առջեւ չի գտնուիր: Սահմանադրականութեան ապահովումը անհրաժեշտ է, ինչ որ իր կարգին ժամանակ կ՛ենթադրէ նոր օրինագիծի պատրաստութեան համար: Նոր օրինագիծը պէտք է անցնի նոր ոդիսականէ` ըստ ֆրանսական ընթացակարգին:  Նախապատրաստութիւն, խորհրդարան, ծերակոյտ եւ ապա Սահմանադրական դատարան: Քաղաքական այս պտոյտին եւ անոր կանգառներուն քանի մը անգամ հետեւած է ու մասնակցած հայկական կողմը, որ իրաւամբ հարցի արդար լուծման համար կը շարունակէ պահանջել, յուսալ եւ պայքարիլ:

Չշտապելու նախագահական ուղերձը Անգարայի հետ ժամանակաւոր հրադադարի միտող մօտեցում է: Անգարան արագ ընկալած է թէ՛ Ֆապիւսի օրինագիծի վերարծարծման հաւանականութեան անտեսանելիութեան եւ թէ՛ Հոլլանտի չշտապելու անուղղակի ուղերձները եւ այս պայմաններուն մէջ ջնջած պատժամիջոցները: Փաստօրէն յայտարարողական մակարդակի վրայ է ամէն ինչ, առայժմ:

Այս տուեալները կը վերահամոզեն, որ հարցի արծարծումը վերստին օրակարգի վերածելու որոշումը հիմնովին կապուած է Փարիզ-Անգարա յարաբերութիւններու կամ Էլիզէ-ֆրանսահայ համայնք ընտրական որեւէ հանգրուանի ստեղծուած ակնկալութեան հետ:

Հայկական կողմը Ֆապիւսին դէմ բողոքելէ եւ Հոլլանտի յայտարարութեան նկատմամբ գոհունակութիւն յայտնելէ առաջ նախ պէտք է հարց տայ, թէ այս հարցին ուղղութեամբ նախագահ-արտաքին գործոց նախարարութիւն երեւցած հակասութիւնը ինչպէ՞ս կը բացատրէ պաշտօնական Փարիզը: Եթէ քաղաքականօրէն բովանդակազրկենք խնդիրը, Ֆապիւսի ըրածը պարզապէս հարցական ստեղծելն է իր նախագահի յանձնառութիւններուն վրայ: Աւելիով կը համոզուինք, որ թէ՛ Ֆապիւսի յայտարարութիւնը եւ թէ՛ Հոլլանտի «հերքում»-ը կը բխին Փարիզի պետական քաղաքականութենէն: Չմոռնանք, որ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովի առիթով էր Տաւութօղլու-Ֆապիւս հանդիպումը եւ «բարեկամներ»-ը շրջանային հարցեր լուծելէ առաջ պատժամիջոցային յարաբերութիւնները պէտք է վերականգնէին, թէկուզ յայտարարողական մակարդակի վրայ:

Մէկ կէտ եւս. ժխտողականութեան վերաբերող օրէնքը Ֆրանսայի ներքին կեանքին կը վերաբերի: Այդ օրէնքներու սահմանադրականութեան, տեսանելի կամ անհաւանական ըլլալուն մասին աւելի պատշաճ է, որ զբաղին  ներքին գործոց կամ արդարադատութեան նախարարները:

Նախագահ Հոլլանտ երկու դիտողութիւն ունէր ընելիք իր նախարարին: Նախ, որ զբաղի իր ոլորտին վերաբերող հարցերով միայն եւ երկրորդ, հարցականի տակ չառնէ իր յանձնառութեան տէրը մնալու իր կեցուածքը: Բայց այս արդէն ֆրանսական ներպետական խնդիր է. իսկ ակնկալուող դիտողութիւնները  դժուար տեսանելի են:

Share this Article
CATEGORIES