50 Տարի Առաջ ( 10 Յուլիս 1962 )

Հայկական Կեանք

ՀՅԴ Ամերիկա

Երեք Կարեւոր Ժողովներ
Ջերմ Եւ Խանդավառ Մթնոլորտի Մէջ

Անցնող շաբաթ երեք կարեւոր ժողովներ գումարուեցան Ամերիկայի մէջ: Առաջինը` Հայ օգնութեան միութեան 42-րդ պատգամաւորական ժողովը, երկրորդը Հայ  երիտասարդաց դաշնակցութեան Պատգամաւորականը եւ երրորդը` ՀՅ Դաշնակցութեան 69-րդ Պատգամաւորական ժողովը,, Երեք պատգամաւորական ժողովներն ալ տեղի ունեցած են խանդավառ մթնոլորտի մէջ եւ բացառիկ յաջողութեամբ աւարտած են իրենց աշխատանքները:

Հայ օգնութեան միութեան պատգամաւորական ժողովի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուած է ամերիկահայ թեմի առաջնորդ Հրանդ եպս. Խաչատուրեան եւ բացումը կատարած` Տէրունական աղօթքով: Ժողովը իր աշխատանքները տարած է համերաշխ ու միակամ եւ օրակարգի բոլոր հարցերը լուծած է գրեթէ միաձայնութեամբ:

Կեդրոնական վարչութեան ընտրութիւնը կատարուած է եւ ընտրուած են ընկերուհիներ` Սեդա Թերզեան, Արփի Փափազեան, Ֆլորա Գազանճեան, Անահիտ Պետրոսեան, Վերժին Քարենց, Վերժին Գըլըճեան եւ Էլիզ Սարրաֆեան:

Նոյնքան խանդավառ եւ ոգեւորիչ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ 69-րդ պատգամաւորական ժողովին բացման հանդէսը, որուն բացումը եւս կատարուած է Հրանդ եպիսկոպոսի Տէրունական աղօթքով:

Խօսք առած են բազմավաստակ հրապարակագիր եւ «Հայրենիք»-ներու խմբագիր Ռուբէն Դարբինեան, Յովհաննէս Տէր Յովհաննէսեան, Յակոբ Մուրատեան եւ Կոպեռնիկ Թանտրճեան:

Տպաւորիչ ճառ մը խօսած է Մասաչուսեց նահանգի ընդհ. դատախազ Էտ. Մըքքորմիկ, որ մասնաւորաբար ըսած է. «Կը գնահատեմ, երբ ծնողներ կը պահեն իրենց մայրենի լեզուն, եւ ընդհակառակն, կը նեղսրտիմ, երբ անոնք կը պահանջեն իրենց զաւակներէն միայն անգլերէն խօսիլ: Բոլորովին ամերիկացի մի՛ ըլլաք, յիշեցէք, որ հայ էք ծագումով, եւ լաւ հայ ըլլալով` պիտի ըլլաք նաեւ լաւագոյն ամերիկացի»:

 

«ՀՕՄ–ի Օր»

Պոսթընի (Ամերիկա) քաղաքապետութեան հրահանգով 23-27 յունիսի շաբաթը հռչակուած է Հայ օգնութեան խաչի օր:

Այս առթիւ քաղաքապետութիւնը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակած եւ օրինակ մըն ալ ղրկած է Հայ օգնութեան միութեան Ամերիկայի կեդրոնական վարչութեան:

 

Մեսրոպ Մաշտոցի 1600-Ամեակը
Եւ
Երեւանի Պարտիան

 Զարոբեան Դժգոհ` Ցուցաբերուած
Ազգային
Ոգիէն… 

«Ընկեր» Յակոբ Զարոբեան երկար զեկուցում մը տուած էր, որ կը գրաւէ «Սովետական Հայաստան» օրաթերթի յունիս 22-ի թիւին 14 սիւնակները: Այս զեկուցումէն կը յայտնուի, թէ Մեսրոպ Մաշտոցի 1600-ամեակի առթիւ Հայաստանի մէջ ցուցաբերուած ազգային ոգին դժգոհ ձգած է «պարտիայի» քարտուղարը, որ սա խօսքերով կ՛արտայայտուի.

«… Վերջերս հայ ժողովուրդը հանդիսաւոր կերպով տօնեց մեր ազգային գրերի ստեղծող եւ հայ դպրութեան հիմնադիր Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակը: Այդ տօնը նշուեց ոչ միայն մեզ մօտ, այլեւ` Մոսկուայում եւ միւս եղբայրական ռեսպուբլիկաներում: Այս փաստը մէկ անգամ եւս ակնառու կերպով արտայայտում է Կոմունիստական պարտիայի եւ սովետական կառավարութեան հոգատարութիւնը անցեալի կուլտուրական ժառանգութեան եւ ազգային հոգեւոր արժէքների պահպանութեան նկատմամբ:

Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակի տօնակատարութիւնը մեր սրտերը լցրեց հպարտութեան օրինական զգացումով: Սակայն ազգային հպարտութիւնը ոչ մի կերպ համատեղելի չէ ազգային սնապարծութեան եւ ազգային սահմանափակուածութեան հետ: ՍՄԿՊ օրագրում պարզ ու յստակ ասուած է. «Կոմունիստական շինարարութեան ընթացքում ծառացող ազգային փոխյարաբերութիւնների բոլոր հարցերը պարտիան լուծում է պրոլետարական ինտներնացիոնալիզմի դիրքերից, լենինեան ազգային քաղաքականութեան անշեղ կիրառման հիմքի վրայ: Պարտիան թոյլ չի տալիս ազգային առանձնայատկութիւնների ո՛չ անտեսւում, ո՛չ էլ ուռճացում»:

Մինչդեռ ազգային քաղաքականութիւնը բնորորոշ պարտիական այս դրոյթը երբեմն անտեսում է մեր առանձին գրողների կողմից:

«Գրական մամուլում յաճախ երեւան են գալիս բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ ու յօդուածներ, որոնք չեն նպաստում աշխատաւորութեան ճիշդ դաստիարակմանը»:

 

Պաքալորէայի Մէջ Յաջողած Հայեր

Ֆրանսական պաքալորէայի երկրորդ բաժնի քննութեան մէջ յաջողած է Ճեմարանին շրջանաւարտներէն Արփինէ Տեմիրճեանը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սերթիֆիքայի մէջ յաջողած է Յովհաննէս Պալեան:

Share this Article
CATEGORIES