Շանվիլ Ակումբին Տարեկան Ընթրիքը
Ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Շանվիլ ակումբին տարեկան ընթրիքը` «Լէօ Ռըուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ):
Նախարար Քարամէէն բացի ներկայ էին նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Սիմոն Ապի Ռամիա, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ, այլ ֆետերասիոններու ներկայացուցիչներ, քաղաքապետեր, լրագրողներ եւ Շանվիլ ակումբին մարզիկները:
Նշենք, որ Շանվիլ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացած էր 2011-2012 տարեշրջանի Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեան:
Ընթրիքին ընթացքին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում տարբեր անձերու, որոնք խումբին արձանագրած այս յաջողութիւններուն մէջ իրենց կարեւոր դերը ունեցած էին:

